Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Ամերիկացի Դեսպանը
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանը յուզող հարցերն ու զարգացումները։
Միքաթիի այցելեցին նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհաս, ինչպէս նաեւ Ապապետականացման գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Քամալ Հայեք։
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթիի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ կարգ մը լրատուամիջոցներ անդրադարձած են Փրկարար աշխատանքներու գերագոյն խորհուրդի աշխատանքներուն վերագրուող դատական տեղեկութիւններու։
Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ այս մասին Միքաթի իմացած է Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէէն՝ աւելցնելով, որ թղթածրարը փոխանցուած է ընդհանուր դատախազութեան՝ հետաքննութիւն բանալու եւ օրինական միջոցները որդեգրելու համար։


