«Պիել»-ի Մէջ. Վ. Սապունճեան Բացումը Կը Կատարէ Պէյրութի Ճաշի Փառատօնին
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ կէսօրէ առաջ «Պիել»-ի մէջ հովանաւորեց եւ բացումը կատարեց Պէյրութի ճաշի փառատօնին, որուն ընթացքին ան առաջարկեց Պէյրութը «Համտեսումի մայրաքաղաք» յայտարարել՝ նկատի ունենալով, որ լիբանանեան խոհանոցն ու լիբանանեան գինին համաշխարհային բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին։
Վ. Սապունճեան կոչ ուղղեց օգտուելու լիբանանեան բնական հարստութիւններէն եւ զանոնք ի գործ դնելու լիբանանցի երիտասարդներուն աշխատանքի կարելիութիւններ ապահովելու՝ ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան նոր ծրագիրներ գործադրելու եւ զբօսաշրջութեան մարզը բարգաւաճեցնելու նպատակով։
CATEGORIES Լիբանանեան


