Մարուան Շարպել Կ՛այցելէ Թրիփոլի

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ այցելեց Թրիփոլի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի հետ։

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Թրիփոլիի մէջ տիրող իրադարձութիւնները։

Երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Շարպել յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ կը տիրէ հանդարտ մթնոլորտ՝ աւելցնելով, որ քննարկուած են ապահովական ծրագիրին գործադրութեան վերաբերող հարցեր՝ յուսալով, որ Թրիփոլիի բոլոր կողմերը համաձայնութիւններ կը գոյացնեն այդ խորագիրներուն շուրջ։

Շարպել յայտնեց, որ իրենք ամէնէն մօտիկ ապագային մուտք պիտի գործեն բոլոր շրջանները, ուր բանակն ու ապահովութեան ուժերը գոյութիւն չունին։

«Լիբանանեան բանակը կարմիր գիծ է եւ լիբանանեան պետութեան ողնաշարն է. բանակն ու ապահովութեան ուժերը բոլորին անվտանգութեան համար կը պայքարին եւ ոչ թէ այս կամ այն ուժին կամ կողմին համար», ըսաւ Շարպել։

Թրիփոլիի մէջ զինեալ գոյութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Շարպել ըսաւ. «Ապազինում չենք պահանջեր, սակայն միաժամանակ կը հաստատենք, որ ապահովութեան ուժերը սուտ վկաներ պիտի չըլլան եւ ապօրինի զէնք կրողները պիտի ձերբակալուին»։

Իր կարգին, միւֆթի Շաար հաստատեց, որ չկայ շրջան մը, որուն մուտքը արգիլուած ըլլայ ապահովութեան ուժերուն համար։

Միւս կողմէ, նշենք, որ Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ալի Իտը հարցաքննութեան կանչեց երեքշաբթի, 12 նոյեմբերին։

Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, որ հաստատած էր, թէ ջնջած է այսօր իր կատարելիք խաղաղ ցոյցը, նշեց, որ մինչեւ երեքշաբթի օր կուսակցութիւնը կը յստակացնէ Իտը հարցաքննելու մասին իր կեցուածքը։

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )