«Լիբանանը Պէտք Չէ Միջամուխ Դարձնել Զինք Շրջապատող Տագնապներուն» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ հովանաւորեց «Մինչեւ 2016 Լիբանանի մէջ աշխատող մանուկներու երեւոյթին վերջ տալու» ազգային ծրագիրին յայտարարութեան յատուկ ձեռնարկը։
Այս առիթով նախագահ Սլէյման արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց ազգային կարողութիւնները մէկտեղելու եւ կազմելու Լիբանանի պաշտպանութեան մէկ ռազմավարութիւն, առանց Լիբանանը միջամուխ դարձնելու զինք շրջապատող տագնապներուն, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեց բարգաւաճման ամբողջական ծրագիր մը մշակելու։
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման խորհրդարանէն պահանջեց վաւերացնել պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները, ինչպէս նաեւ վաւերացնել կիները ընտանեկան բռնութենէ պաշտպանելու յատուկ օրինագիծը։
Անդրադառնալով երկրին քաղաքական յարաբերութիւններուն՝ նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի միջազգային յարաբերութիւնները վերաշխուժացնել եւ զայն դարձնել ներդրումի դաշտերու եւ զբօսաշրջութեան երկիրը։
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց փտածութեան եւ սահմանադրական աշխատանքի արգելակումին վերջ տալու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւատադրժողական եւ ահաբեկչութեան շրջանակները նեղցնել։
Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայել Լիբանանի պաշտպանութեան եւ երկիրը իսրայէլեան գաղտնի լսումներէն ու լրտեսութենէն պաշտպանելու եւ կառչած մնալու «Պաապտայի յայտարարութեան» գործադրութեան՝ նկատի ունենալով, որ այդ յայտարարութիւնը վաւերացուած է լիբանանեան քաղաքական ուժերուն համախոհութեամբ եւ որդեգրուած միջազգային գերագոյն մարմիններուն կողմէ։
Իր կարգին, աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ ընկերային արդարութիւնը կարելի չէ ամբողջական նկատել՝ աշխատաւորներուն ատակ եւ յարմար աշխատանք տրամադրելով, այլ՝ աշխատող մանուկներու երեւոյթին վերջ մը տալու պատրաստակամութեամբ։