Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքի Նիստ. «Մուսթաքպալ Հոսանքը Կը Զօրակցի Հաւատադրժողական Շարժումներուն»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը՝  նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի։

Նիստէն ետք երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ ըստ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքին, Սուրիոյ տագնապին կարելի է միայն քաղաքական լուծում գտնել, պայմանաւ որ քաղաքական այդ լուծումը Սուրիոյ գերիշխանութեան, սուրիացի ժողովուրդին ազգային ինքնորոշման իրաւունքին եւ Սուրիոյ քաղաքական վարչակարգին չսպառնայ։

Ֆատլալլա հաստատեց, որ նիստին ընթացքին շեշտուած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի Ռիատի մէջ կատարած յայտարարութիւնները լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամտութիւն կը նկատուին։

«Հըզպալլայի մասին Քերրիի կատարած յայտարարութիւնները կտրականապէս մերժելի են եւ լիբանանեան ներքին քաղաքականութեան միջամտութիւն կը նկատուին», ըսաւ ան։

Անդրադառնալով լիբանանեան կառավարութեան կազմութեան՝ Ֆատլալլա կոչ ուղղեց կարելի եղածին չափ արագ կազմելու կառավարութիւնը։

«Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը կը դատապարտէ Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական բոլոր միջադէպերը անխտիր, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ կը նկատէ լիբանանեան բանակին դերակատարութեան արգելակման կասեցումը», ըսաւ ան։

Ֆատլալլա շեշտեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ զետեղուած լրտեսումի սարքերուն բացայայտ, արդիական եւ բաւական վտանգաւոր ըլլալու յատկութիւնը՝ հաստատելով, որ անիկա լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի։

«Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքին մօտ կան նաեւ այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ Իսրայէլի կողմէ կը գործածուին գաղտնի լսումի այնպիսի սարքեր, որոնք գերզգայուն են եւ վտանգ կը սպառնան Լիբանանի ազգային ապահովութեան եւ հեռախօս, համացանց կամ ելեկտրոնային որեւէ հաղորդակցութեան միջոց օգտագործող քաղաքացիին անվտանգութեան», ընդգծեց Ֆատլալլա։

«Մուսթաքպալ հոսանքը ուղղակիօրէն կը մեղսակցի Սուրիոյ տագնապին։ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական խախտումները եւ քստմնելի միջադէպերը հարազատ արտայայտութիւններն են գրգռութիւններ հրահրելու եւ ուրիշը ջնջելու քաղաքականութեան, որ կը գործադրուի Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավարներուն եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մէջ գտնուող անոնց հետեւորդներուն կողմէ։ Թրիփոլիի մէջ գործադրուած այս գործելաոճը քաղաքին համար խորթ է, որովհետեւ Թրիփոլիի բնակչութիւնը միշտ ալ յանձնառու եղած է ազգային գոյակցութեան եւ համակեցութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անվտանգութեան երաշխաւորման։

«Հըզպալլայի պարտադրուած Մուսթաքպալ հոսանքին պայմանները անիմաստ են, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը ուղղակիօրէն առնչուած է Սուրիոյ արիւնալի տագնապին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ապակայունութեան նպաստող կողմ կը նկատուի, որովհետեւ այդ հոսանքը դիւրութիւններ կ՛ընծայէ զինեալներուն ֆինանսաւորման ու զինումին։ Գործնական գետնի վրայ կ՛որդեգրէ հաւատադրժողական շարժումները եւ կը զօրակցի անոնց՝ արդարացնելով անոնց գործած ոճիրները», շեշտեց Ֆատլալլա՝ եզրափակելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը իր այս ընթացքով կ՛արգելակէ լիբանանեան պետութեան առաքելութիւնը, կը խախտէ ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ խոցելի կը դարձնէ Լիբանանի բազմազանութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )