Հայաստանի Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին…

Էրիքաս Փեթրիքաս

Վիլնիուսի մէջ փաստաթուղթի ստորագրման շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ, բայց մինչեւ այսօր յայտնի չէ, թէ ինչ փաստաթուղթի կամ թերեւս փաստաթուղթերու մասին է խօսքը։

Երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի մէջ Լիթուանիոյ դեսպան Էրիքաս Փեթրիքաս նշեց, որ Վիլնիուսի վեհաժողովէն առաջ Պրիւսքսէլ կը շարունակէ բանակցութիւնները Երեւանի մէջ՝ փաստաթուղթի ստորագրման շուրջ։ Սակայն, դեսպանը մերժեց մանրամասնել, թէ ի՛նչ փաստաթուղթի կամ փաստաթուղթերու մասին է խօսքը։

Վերջերս յայտնի դարձաւ, որ Արեւելեան գործընկերութեան Վիլնիուսի վեհաժողովի եզրափակիչ հռչակագիրի՝ Հայաստանին վերաբերող հատուածը դատարկ է։ Տեղեկութիւնը յայտնի դարձած էր այն բանէն ետք, երբ Եւրոպական Միութեան պաշտօնեաները լրագրողներուն տրամադրած էին փաստաթուղթի նախնական տարբերակը։

«Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ բանակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին, բանակցութիւնները կ՛ընթանան ամէն օր՝ երէկ, նախորդ օրը եւ պիտի ընթանան վաղը, այսօր տակաւին որեւէ որոշում չկայ։ Բանակցութիւնները կ՛ընթանան Վիլնիուսի հռչակագիրի, ապագայի վերաբերեալ։ Այնպէս որ, երբ կը փորձեն ըսել, թէ ամէն ինչ որոշուած է, ճիշդ չէ», ըսաւ Լիթուանիոյ դեսպանը։

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Վիլնիուսի մէջ Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ Ընկերակցութեան եւ Ազատ առեւտուրի գօտիի մասին համաձայնագիրներուն փոխարէն հռչակագիր պիտի ստորագրուի՞, դեսպանը յայտնեց, որ չի ցանկար զբաղիլ կանխատեսումներով, բայց յոյս ունի, որ որոշ բան մը կը կատարուի։

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ Վիլնիուսի մէջ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուելիք փաստաթուղթը ի՞նչ պիտի տայ կողմերուն, դեսպանը յայտնեց, որ երեք տարի բանակցութիւններ վարելը մեծ ժամանակահատուած է, եւ կան լուրջ ձեռքբերումներ, ուստի պէտք է ամրագրել ձեռքբերումները։ Ան աւելցուց, որ Եւրոպական Միութեան առաջնահերթութիւնն է ուղիներ գտնել Հայաստանի հետ ապագային համագործակցելու համար։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )