Համագործակցութեան Համաձայնագիր Ստորագրուեցաւ Քանատայի Մարդկային Իրաւանց Թանգարանին Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանին Միջեւ

«Հորիզոն» կը հաղորդէ, որ 7 նոյեմբերին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, Քանատայի Ուինիփեկ քաղաքին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրեց Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի գործադիր գրասենեակի նախագահ Սթիուըրթ Մըրէյի հետ։ Ըստ համաձայնագիրին, երկու կողմերը դաստիարակչական ծրագիրներ ու արխիւային փաստագրական նիւթեր պիտի փոխանակեն իրարու հետ։ Համաձայնագիրի ստորագրութեան ներկայ էր Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան։ Պաշտօնական արարողութեան մասնակից դարձան նաեւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, «Զօրեան» հիմնարկի պատուիրակութիւնը, Նաթան արք. Յովհաննիսեան, Ուինիփեկի հայ գաղութի զաւակներ  եւ այլ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Դեսպան Եգանեան այս առիթով յայտնեց. ««Ինչպէս ամբողջ քանատահայութիւնը, մենք դեսպանութիւնում նոյնպէս շնորհակալ ենք Մարդու իրաւունքների քանատական թանգարանին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ մշտական ցուցահանդէս զետեղելու որոշման համար։ Գովելի է թանգարանի ղեկավարութեան անկոտրում կեցուածքը հարցի կապակցութեամբ։ Այսօր, Մարդու իրաւունքների քանատական թանգարանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը ստորագրեցին յուշագիր եւ վերջնականացրեցին արդէն իսկ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան զոհերին ոգեկոչող ցուցահանդէսի բացման շուրջ։ Սա կարեւոր քայլ է 20-րդ դարի առաջին ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցում եւ յիշեցում է մարդկութեանը՝ պայքարել նոյնիսկ հնարաւորի սահմաններից անդին մարդկութեան դէմ նմանատիպ ոճիրները հետագայում կանխելու ուղղութեամբ»։

Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուի մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու պատմականը, յատուկ շեշտ դնելով հրէական, հայկական, ռուանտական ցեղասպանութեանց, ուքրանական սովասպանութեան եւ Սրեպրինիքայի ջարդին վրայ:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան այս առիթով յայտնեց. «Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը Քանատայի հասարակութեան ծանօթացնելով, մենք մարդկութեան պիտի յիշեցնենք, որ մարդկային իրաւանց խախտումներու դէմ լռութեան պատը պէտք է քանդուի։ Այս առնչութեամբ, մենք պիտի համագործակցինք Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին հետ»։

ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը կարեւոր իրադարձութիւն նկատեց եւ յայտնեց. «Պատմական օր է այսօր քանատահայութեան համար։ Տարբեր ժողովուրդներու դէմ գործադրուած մարդկային իրաւանց անարդարութիւններու պատմութիւնը փոխանցող քանատական այս թանգարանը առաջինն է աշխարհի մէջ։ Շնորհակալ ենք թանգարանի պատասխանատուներուն, որոնք թանգարանի հիմնադրման առաջին իսկ օրէն սերտօրէն համագործակցեցան Քանատայի հայ գաղութին եւ Հայ դատի յանձնախումբին հետ մասնաւորապէս։ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը տասնամեակներէ ի վեր յառաջ կը տանի Հայ դատի գծով նպատակաուղղուած գործունէութիւն Քանատայի մէջ եւ այդ առաքելութիւնը պիտի շարունակէ պատմական յառաջիկայ հանգրուաններուն ալ՝ ամրապնդելու համար մեր պահանջատիրական դատին ուղղուած աշխատանքները Քանատայի մէջ»։

Արարողութեան ներկայ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտնեց. «Թանգարանի տնօրէնութեան հետ երկար տարիներու բանակցութիւններու շնորհիւ կարելի եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան բաժինը ներառել թանգարանի ծրագիրին մէջ։ Յոյսով ենք, որ պատշաճ ձեւով կը ներկայացուին հայութեան դէմ գործադրուած թրքական պետութեան ցեղասպանական արարքի բոլոր ծալքերն ու պատմական փաստերը»։

Նշենք, որ թանգարանը նաեւ յատուկ դաստիարակչական ծրագիր մը մշակելու ընթացին մէջ է, որուն նպատակն է Քանատայի վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններու մէջ մարդկային իրաւանց եւ ցեղասպանութեանց պատմութիւնը ուսուցանել:

Թանգարանը կը գտնուի Մանիթոպա նահանգի Ուինիփեկ քաղաքին մէջ: Կառուցման աշխատանքները սկսած են 2007-ին եւ պիտի աւարտին 2014-ին: 2007-ին, վարչապետ Հարփըր թանգարանը հռչակեց ազգային թանգարաններուն շարքին գործող թանգարան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES