Տաւութօղլու Հայաստան-Թուրքիա Սահմանը Բանալու Կարելիութիւնը Չէ Բացառած

Թրքական «Աքշամ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ ըսած, որ իրենք աշխատանք կը տանին Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բանալու ուղղութեամբ։

Տաւութօղլու յայտարարած է, որ եթէ Ազրպէյճանը համոզեն, հաւանական է, որ նման անակնկալ ընեն։

«2015-ին ընդառաջ մեր աշխատանքները կը շարունակուին։ Մեր պահանջը Ղարաբաղէն հայերու դուրս գալն է, եւ այդ ուղղութեամբ զարգացում կ՛ակնկալենք։ Եթէ ատիկա տեղի ունենայ, ապա թէ՛ սահմանը պիտի բացուի, թէ՛ երկաթուղին, թէ՛ շարք մը յարաբերութիւններ պիտի զարգանան։ Սակայն ատիկա կ՛ուզենք ընել Ազրպէյճանի հետ համատեղ», ըսած է ան։

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը խորհրդարանի փակ նիստին ընթացքին հաղորդած է, որ իրենք կը նախապատրաստուին Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման, եւ մօտիկ ապագային Ազրպէյճան կատարելիք այցելութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանցած է։

Share this Article
CATEGORIES