Ակնարկելով 5 Նոյեմբերի Բախումներուն՝ «Այն Ինչ Որ Եղաւ Ճիշդ Ճամբան Չէ» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Աղուան Վարդանեան

Անդրադառնալով 5 նոյեմբերին Շանթ Յարութիւնեանի կատարած «յեղափոխութեան» եւ Մաշտոցի պողոտային վրայ տեղի ունեցած բախումներուն՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Երկիր»-ին յայտնեց, որ Հայաստանի վերջին տարիներու ձեռքբերումներէն կը նկատուի քաղաքացիական դիրքորոշում ունեցող, իր իրաւունքներուն, պետութեան ապագային համար պայքարող, այս իրավիճակին չյարմարող, օրէ օր աւելցող՝ յատկապէս երիտասարդներու առկայութիւնը։ Վարդանեան նշեց, որ այսօր կացութիւնը թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան մէջ այնպիսին է, որ դժգոհութեան տարատեսակ դրսեւորումները անխուսափելի են։ Ան աւելցուց, որ թերեւս անոնցմէ մէկն ալ 5 նոյեմբերին մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ կատարուածն էր։

Ան յայտնեց, որ Դաշնակցութեան համար սակայն անհեռանկարային են անկազմակերպ, անընդունելի մեթոտներով նմանօրինակ գործողութիւնները։

«Չբացառելով նաեւ հաւանական սադրանքի տարրերը՝ կը հաւատանք, որ այդ ճամբան ոչ մէկ լաւ բանի կրնայ յանգեցնել։ Հասարակութիւնը պէտք է ինքնակազմակերպուի եւ համակարգային բարեփոխումներ պարտադրէ իշխանութիւններուն՝ բացառապէս սահմանադրական ուղիներով։ Դաշնակցութիւնը այս առումով իր մօտեցումները շարադրած է 7-կէտնոց ծրագիրի տեսքով։ Մենք աշխատած ենք եւ պիտի աշխատինք այդ ուղղութեամբ՝ մշտապէս ապաւինելով գիտակից, կազմակերպուած, պետութեան ճակատագիրով մտահոգ քաղաքացիներուն», ընդգծեց Աղուան Վարդանեան։

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )