Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Եւրասիական Տնտեսական Յանձնաժողովի Նախագահը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի անձնակազմի նախագահ Վիքթոր Խրիսթենքոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ երկու կողմերուն միջեւ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։
Այդ ծիրին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նախանցեալ օր Հայաստանի եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովին միջեւ փոխադարձ գործակցութեան խորացման մասին յուշագիրին եւ աշխատանքային խումբերու առաջին հանդիպման արդիւնքներուն, որոնք, ըստ Խրիսթենքոյի, արդիւնաւէտ եւ յաջող էին։ Կողմերը համոզուած են, որ յուշագիրին ստորագրումով համագործակցութեան ամուր հիմք կը դրուի Հայաստանի եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովին միջեւ։
Սերժ Սարգսեան եւ Վիքթոր Խրիսթենքօ ընդգծեցին, որ Հայաստանի՝ Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական տարածքին միանալու մասին յայտարարութենէն եւ Մաքսային միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ այդ առնչութեամբ տրուած որոշումէն ետք զգալի աշխատանք կայ իրականացնելիք եւ վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը սերտ գործակցութեամբ այդ աշխատանքները իրականացնելու եւ նշեալ հոլովոյթները ըստ կարելւոյն սեղմ ժամկէտներուն ընթացքին աւարտին հասցնելու գործին մէջ։


