Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ամէն մարդ նոյն տեսակէտը չունի կեանքի ելեւէջներուն մասին։ Ձեր բարեկամը այսօր համաձայն պիտի չըլլայ ձեր կարծիքին, համաձայնեցէք։

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր աշխատանքը մոռցէք շաբաթավերջին, որովհետեւ հանգստանալու կամ պտտելու ժամանակն է, ուրիշ ոչինչ։ Այս պարագային պէտք է կրկնէք հայկական գեղեցիկ առածը. «Հովը թող փչէ, ծովը թող շաչէ, աշխարհ հոգս չէ»։

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձգեցէք, որ ձեր բարի աստղը առաջնորդէ ձեզ։ Ուշադիր եղէք ձեր շուրջը ստեղծուած նշաններուն՝ առանց աւելորդապաշտ ըլլալու։

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դասաւորեցէք ձեր թղթածրարները, իւրաքանչիւր փաթեթ դրէք իր տեղը, որպէսզի ձեր օրուան գործունէութիւնը կանոնաւոր ըլլայ։

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լաւ է, որ ընկերային ձեր յարաբերութեան պահուն լսէք ձեր խօսակիցին միտքերը։ Ձեր կարգին մնացէք բարեացակամ, եթէ կրնաք տրամադրել անոր ձեր գիտութենէն օգտակար գիտելիքներ։

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այս օրը տրամադրեցէք միայն դուք ձեզի։ Ուրիշներուն հարցերը կրնան մնալ մէկ կողմ։ Հետեւեցէք իմաստունին պատուէրին՝ «Բժիշկ, բժշկեայ յանձն քո»։

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դարձեալ կը թելադրուի ձեզի կատարել մարզանք՝ կանոնաւոր հետեւողականութեամբ, որմէ շատ գոհ պիտի մնաք։ Պիտի զգաք առողջութեան բարիքը։

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ կարիքը կը զգաք ձեր սրտին վրայ կուտակուած հարցերը արտայայտելու, այսօր անոր ժամանակը չէ, քիչ մը եւս համբերեցէք։

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտանիքը ամէն բանէ առաջ է։ Ձեզի մօտիկ անձ մը կարիքը ունի ձեր օգնութեան։ Պատրաստակամ եղէք եւ վեհանձն՝ ամէն տեսակէտով։

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Աճապարանքով ոչինչ ըրէք, ձեր հարցերը մէկ կողմ դրէք, որովհետեւ ձեր արտայայտուելու հերթն ալ կու գայ։ Համբերութիւնը օգտակար է։

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օրը պիտի անցնի ճիշդ ձեր յուսացածին նման։ իՆչ որ ծրագրած էիք, պիտի իրագործուի դիւրութեամբ եւ ուրախութեամբ։ Լաւ շաբաթավերջ։

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ գաղտնիք մը պահելը ծանր պիտի նստի ձեր սրտին, զայն յայտնեցէք վստահելի անձի մը, որպէսզի թեթեւնաք։ Այսուհանդերձ, լաւ կ՛ընէք, եթէ միայն ձեզի պահէք նման գաղտնիք։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )