50 Տարի Առաջ (9 Նոյեմբեր 1963)
Հաճնոյ Հերոսամարտը
(44-Րդ Տարեդարձին Առթիւ)
Վաղը՝ կիրակի, 10 նոյեմբեր, Հաճնոյ իննամսեայ հերոսամարտի 44-րդ տարեդարձին առթիւ, «Գոյամարտ» միութեան կարգադրութեամբ, նահատակաց հոգւոյն հանգստեան համար պաշտօն պիտի կատարուի Պէյրութի հայկական եկեղեցիներուն մէջ։
Ամէն տարի, այս օրերուն, Հաճնոյ «Գոյամարտ» միութիւնը զանազան հանդիսութիւններով, որոնք կը վերածուին յարգանքի արտայայտութեան խորհրդանշական ցոյցի մը, կ՛ոգեկոչէ յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք ինը ամիս շարունակ օրհասական կռիւ մղեցին թրքական բանակներուն դէմ՝ մահ կամ ազատութիւն նշանաբանով։
Քառասունչորս տարիներ անցած են այդ ճգնաժամային օրերէն, ու այսօր տակաւին, եւ երկար ատեն, այնքան ատեն որ հայութիւնը չէ տիրացած իր անկախութեան եւ ազգային գերիշխանութեան, այնքան ատեն որ չեն իրագործուած մեր ժողովուրդին բաղձանքները, հաճնցին պիտի տօնէ յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք մահը նախընտրեցին գերութեան շղթաներէն։
Մեր ժամանակակից պատմութիւնը սուգ ու աւեր կտակած պիտի ըլլար միայն յետնորդ սերունդներուն, եթէ նաեւ սրբազան ըմբոստութեանց, հերոսամարտերու եւ ազատութեան խոյանքներու շղթայով մը փառք ու պատիւ փոխանցած չըլլար ապրողներուն։
Հաճըն մաս կը կազմէ այն ոսկի շղթային, որուն միւս օղակները կը կոչուին՝ Մուսա Լեռ, Ուրֆա, Այնթապ, Շապին Գարահիսար, մէկը միւսէն նուիրական անուններ, որոնք անթեղուած հոգիի մը հրդեհումը կը յատկանշեն եւ կը մնան սրբազան կոթողումներ՝ ազատութեան ճանապարհին վրայ։
Այդ հերոսամարտերու արդիւնքէն անկախ, զանոնք պատմական դրուագներու վերածող ոգեկան բովանդակութիւնն է, որ կը շահագրգռէ մեզ։ Առանց Հաճընի հերոսամարտին եւ միւս խիզախումներուն, պարտաւոր պիտի ըլլայինք եզրակացնելու, թէ հայ ժողովուրդը, հակառակ ԺԹ. դարու եւ յաջորդող շրջաններու յեղափոխաշունչ եւ ազատագրական ձգտումներուն, անհաղորդ մնացած էր ժամանակի պահանջներուն, ստրկամտօրէն եւ նահանջականօրէն ենթարկուելով բռնի եւ բիրտ ուժերու տիրապետութեան։
Հաճընի երկարատեւ կռիւներու ընթացքին հայ ժողովուրդը ապաւինեցաւ միայն իր ուժին։ Մէկը միւսէն աւելի խիզախ եւ հերոսական մարտիկներ մինչեւ իրենց վերջին փամփուշտը կռուեցան անագորոյն թշնամիին դէմ, կուրծք ցցեցին թրքական բանակի թնդանօթներուն եւ ինկան պատնէշին վրայ՝ գերագոյն երանութեամբ մը հայրենի հողը գրկելով։
Հաճըն կամուրջ մըն է մեր անցեալին, մեր դարաւոր մտածումներուն եւ մեր ապագային միջեւ։ Անկիւնադարձ մը՝ հերոսական ոգորումներէ վերջ ստրկութեան դարերու եւ ԺԹ. դարէն ետք վերարծարծ յեղափոխաշունչ ազատագրապաշտ խոյանքներու շրջանի մը միջեւ։
Հաճըն կտակ մըն է։ Արիւնագիր ուխտ մը՝ յետնորդ սերունդներուն, որոնք իրենց պապերուն հերոսական խոյանքներուն մէջ այսօր կը տեսնեն ցեղին յաւիտենականութեան գաղտնիքը եւ անոնց անձնուիրութեամբ գօտեպնդուած՝ կը մղեն նոր օրերու անօրինակ պայքար մը, ի խնդիր հայ ժողովուրդի գոյատեւման։
Հաճըն եւ բոլոր միւս նուիրական անունները, որոնք պայծառ թուականներ կը հանդիսանան մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ, ներշնչումի աղբիւրներ են նոր սերունդներուն համար, որոնք ուխտած են քալել իրենց մեծ նահատակներուն ճամբով՝ հասնելու համար իրենց գերագոյն նպատակին՝ հայ ժողովուրդի եւ անոր հայրենիքի վերջնական ազատագրութեան։
Վաղը հաճընցին ու իր բոլոր ազգակիցները այս ոգիով պիտի յարգեն իննամսեայ գոյամարտի նահատակները եւ պիտի խոնարհին անոնց անմահ յիշատակին առջեւ։

