Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Քառորդ Աւարտականի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը, հրապարակեց Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը։ Մրցումները տեղի պիտի ունենան 16 դեկտեմբերին։

Այդ ութ խումբերուն մէջ Լայսթըր Սիթի միակն ըլլալով մաս կը կազմէ Ա. դասակարգին։ Մնացեալ եօթը խումբերը մաս կը կազմեն բարձրագոյն դասակարգին։

Ստորեւ՝ մրցումներուն յայտագիրը.

Լայսթըր Սիթի – Մանչեսթըր Սիթի
Սթոք Սիթի – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Սանտըրլենտ – Չելսի
Թոթենհամ – Ուեսթ Համ

Share this Article
CATEGORIES