«Էն. Պի. Էյ.». Փէյսըրզի 5-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Պրետ Սթիւընս

Փոլ Ճորճ

 

 

 

 

 

 

 

 

Երէկ տեղի ունեցած «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Ինտիանա Փէյսըրզ շարունակեց մնալ անպարտելի միակ խումբը՝ 97-80 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Շիքակօ Պուլզը։ Փոլ Ճորճ (Փէյսըրզ) նշանակեց 21 կէտ։

Փէյսըրզի ճիշդ հակապատկերը՝ Եութա Ճեզ, իր կատարած հինգերորդ մրցումին եւս պարտուեցաւ, այս անգամ Պոսթըն Սելթիքսէն՝ 97-87 արդիւնքով։

Նախքան այս մրցումը, Սելթիքս ներկայացուց իր նոր մարզիչը՝ Պրետ Սթիւընս, որ այսպիսով յաղթանակով սկսաւ իր նոր պաշտօնը։

Երկու կազմերն ալ կը փորձէին արձանագրել տարեշրջանի իրենց առաջին յաղթանակը։

Նշենք, որ տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց նաեւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ, որ 116-102 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզը։

Ստորեւ՝ երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Շարլոթ Հոռնեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 92-90
Ինտիանա Փէյսըրզ – Շիքակօ Պուլզ 97-80
Օրլանտօ Մեճիք – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 98-90
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 116-102
Պոսթըն Սելթիքս – Եութա Ճեզ 97-87
Նիւ Օրլինզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 99-84
Միլուոքի Պաքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ 109-104
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ 106-93
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ 99-96
Օքլահոմա Սիթի – Տալաս Մավըրիքս 107-93

Ստորեւ՝ այսօրուան երեք մրցումներուն յայտագիրը.

Մայեմի Հիթ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Տենվըր Նակեթց – Աթլանթա Հոքս
Հիուսթըն Ռոքեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )