Չինաստան Իր Թեկնածութիւնը Պիտի Առաջադրէ 2022-ի Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերը Հիւրընկալելու
Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ Չինաստանի ողիմպիական կոմիտէն յայտարարեց, որ իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ 2022-ի ողիմպիականի ձմեռնային խաղերը հիւրընկալելու համար։
Թեկնածու ներկայանալիք երկու քաղաքները պիտի ըլլան Փեքին եւ Զհանկժիաքու։
Արդէն իսկ Ալմաթի (Ղազախստան) առաջադրած է իր թեկնածութիւնը, մինչ Միւնիխ ցարդ չէ յայտարարած, այլ կը մնայ սպասողական վիճակի մէջ։
Կ՛ակնկալուի, որ իրենց թեկնածութիւնը առաջադրեն նաեւ Լեհաստան, Ուքրանիա, Սպանիա եւ Նորվեկիա։
Նշենք, որ Չինաստան հիւրընկալեց 2008-ի Ամառնային ողիմպիական խաղերը (Փեքինի մէջ)։
CATEGORIES Մարզական