Շիրակ Գիւմրի Հիւրը Պիտի Ըլլայ Լոս Անճելըս Կալաքսիի
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Շիրակ Գիւմրիէն՝ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը յայտնեց, որ հայկական ակումբը յառաջիկայ տարի ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Այս ծիրին մէջ, 15 փետրուար 2014-ին՝ Շիրակ հիւրը պիտի ըլլայ «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Լոս Անճելըս Կալաքսիի՝ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին։
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ գտնուող Քարսոն քաղաքի «Ստապհապ» մարզադաշտին վրայ, որ կրնայ հիւրընկալել 27 հազար հանդիսատես։
Նշենք, որ ներկայիս Կալաքսի կը նկատուի երկրին ֆութպոլի լաւագոյն խումբերէն մէկը, որուն մաս կը կազմեն Լենտըն Տոնովան, Քարլօ Կուտիչինի, Ռոպի Քին եւ ուրիշներ։
Շատ հաւանական է, որ ամէնէն հայաբնակ այս նահանգին մէջ Շիրակ կատարէ ֆութպոլի բարեկամական այլ մրցումներ եւս։