Ռուսիոյ Հաւաքականին Գլխաւոր Մարզիչը Կը Զգուշանայ Հայաստանի Ընտրանիէն

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ ճատրակի հաւաքականներու գլխաւոր մարզիչ Եւգենի Փարէեւ, հարցազրոյց մը ունենալով ռուսական մամուլին հետ, անդրադարձած է Վարշաւայի մէջ (Լեհաստան) տեղի ունենալիք Եւրոպայի ճատրակի ախոյեանութեան, որուն ընթացքին ան յայտնած է, որ պէտք է զգուշանալ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Անգլիոյ հաւաքականներէն։

Իր խօսքին մէջ ան ըսած է. «Իմ մօտս զարմանք կը յառաջանայ, թէ ինչպէ՛ս են Հայաստանի հաւաքականին ճատրակ խաղացողները, որոնց մէջ բացի Արոնեանէն միջազգային կարգի ճատրակ խաղացող չկայ, որ կարենայ երկար տարիներու ընթացքին պահպանել իր հիանալի մարզավիճակն ու յաջող հանդէս գալ խմբային մրցաշարքերուն։ Իսկ Անգլիոյ պարագային շատ հետաքրքրական ներդաշնակութիւն ստեղծուած է փորձառուներու եւ երիտասարդներու միջեւ»։

Նշենք, որ Եւրոպայի խմբային ախոյեանութիւնը կը սկսի այսօր՝ ուրբաթ, 8 նոյեմբերին։

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )