Պաքուի Մէջ Կը Տարակուսին. Ազրպէյճանցի Աղջկանց Վոլիպոլ Խաղացողներուն Մարզահագուստը՝ Հայաստանի Եռագոյնին Նման

Ազրպէյճանական վոլիպոլի Ազերոյլ աղջկանց ակումբը, որ կը ներկայացնէ Ազրպէյճանը՝ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին, շատ զարմացուց ազրպէյճանցի մարզասէրները։

Իր լուրը քաղելով ազրպէյճանական Sport.1news.az կայքէջէն՝ հայկական PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Ազերոյլ զարմացուց իր մարզահագուստով, որ կը կրէ Հայաստանի դրօշակին գոյները։ Այդ մարզահագուստին գոյները այն նոյն հերթականութեամբ են, ինչպէս որ է Հայաստանի եռագոյնը։

«Հետաքրքրական է, թէ որո՞ւն միտքէն անցած է ազրպէյճանական ակումբին անդամներուն այդ մարզահագուստը հագցնելու հանճարեղ գաղափարը։ Եթէ այդ տարբերակը առաջարկած է օտար ընկերութիւն մը, ապա ատիկա ինչո՞ւ ակումբին կողմէ հաւանութեան արժանացած է», հարց կու տայ ազրպէյճանական այդ կայքէջը։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )