Լիբանանի Ֆութսալի Ազգային Խումբի Յանձնախումբը Կոչ Ուղղեց Զօրակցելու Խումբին

Իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբի յանձնախումբը կոչ ուղղեց լիբանանցի համակիրներուն զօրակցելու խումբին, որ կը պատրաստուի 2014-ի Ասիոյ ֆութսալի բաժակի մրցաշարքին։

Վերոնշեալ մրցաշարքին լաւապէս պատրաստուելու համար, Լիբանան այս շաբաթավերջին բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Իրաքի դէմ՝ Սատաքայի դաշտին վրայ։

Շաբաթ եւ կիրակի օր տեղի ունենալիք այս երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին յետմիջօրէի ժամը 16։30-ին։

Յանձնախումբը  արդէն իսկ կապ հաստատած է կարգ մը վարժարաններու հետ, որպէսզի աշակերտներ ներկայ գտնուելով այս մրցումներուն՝ քաջալերեն ազգային խումբը։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, երկու մրցումներուն մուտքը պիտի ըլլայ անվճար։

Ինչ կը վերաբերի շաբաթ օր տեղի ունենալիք մրցումին, անիկա ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանէն։

Նշենք, որ Իրաքի ազգային խումբը որ երէկ ժամանեց Պէյրութ, հաստատուեցաւ «Լանքասթըր» պանդոկին մէջ։

Share this Article
CATEGORIES