ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵՐԹՄԵՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական Կերթմեան վարժարանի, ուրբաթ, 3 յունիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյ` կատարողութեամբ 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտութեան:

Երեկոյին բարի գալուստի խօսքը փոխացեց վարժարանի տնօրէն Սահակ Տէտէեան: Ան նկատել տուաւ, որ ցարդ նման ձեռնարկ մը տեղի չէ ունեցած վարժարանին մէջ եւ առաջին փորձն է, որ կը կատարուի: Ան ներկաներուն մաղթեց բարի վայելում` յոյս յայտնելով, որ նման գեղարուեստական երեկոներ կրկնուին վարժարանին մէջ:

Այնուհետեւ բեմ բարձրացան 5-րդ դասարանի աշակերտները, որոնք ներկայացուցին խմբային երգեր, արտասանութիւն, պարեր եւ «Գորգ հիւսել սորվող իշխանը» խորագիրով թատրոն: Իսկ 6-րդ դասարանի աշակերտները արտասանեցին Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերը» քերթուածը:

Աւարտին տնօրէն Սահակ Տէտէեան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին` անխոնջ աշխատանքին համար, սոյն ձեռնարկի կազմակերպման մէջ, եւ յատկապէս` հայոց լեզուի ուսուցչուհի Մարալ Տէր Խաչատուրեանին, որ մեծ աշխատանք տարած էր յայտագրի պատրաստութեան մէջ:

Հարկ է նշել, որ աշակերտները շատ լաւ ձեւով մեկնաբանեցին իրենց վստահուած բաժինները` երգ, ասմունք, պար եւ թատրոն` արժանանալով ներկաներուն բարձր գնահատանքին:

Share this Article
CATEGORIES