Սեդա Փամպուքեանի Վառ Յիշատակին. Օրինակելի Հայուհին

Քառասուն օրեր առաջ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղը եւ առհասարակ ԼՕԽ-ն ու լիբանանահայ գաղութը կորսնցուցին իրենց յարգելի անդամներէն՝ Սեդա Թաշճեան-Փամպուքեանը: Գոյժը ցնցիչ էր, կարելի չէր հաւատալ, որ այդպէս գործունեայ հայուհի մը, յանկարծ բաժնուի այս աշխարհէն՝ ետին թողելով յարգելի կողակից մը եւ սիրելի զաւակներ: Անոր թաղման եւ յուղարկաւորութեան պահուն, կարծէք գաղութը դադրած էր «գործելէ», «շնչելէ»:

Կանուխ տարիքէն ան արդէն իսկ լծուած էր ազգային աշխուժ գործունէութեան: Հաւատաւոր անդամ էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Ընկերային ծառայութեան իր մասնագիտութեամբ, շուրջ տասնհինգ տարիներ ձեռնհասօրէն վարած էր Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի տնօրէնուհիի պաշտօնը: Շատեր տակաւին կը յիշեն անոր թելադրանքները, դասախօսութիւները՝ ընկերային ծառայութեան առնչակից նիւթերու մասին: ԼՕԽ-ի մէջ ան եղած էր վարչական, մասնակցած էր զանազան ժողովներու, առանց սակայն մխրճուելու հայ իգական այս առաջատար կազմակերպութեան առօրեայ բեղուն գործունէութեան «սեւ» աշխատանքի մանրամասնութեանց մէջ,պարզապէս որովհետեւ ան կլանուած էր իր մասնագիտական աշխատանքի բծախնդիր, յանձնառու պատասխանատուութեամբ: Այսուհանդերձ, ան մօտէն կը հետեւէր ՀՕՄ-ի թէ ԼՕԽ-ի վերաբերող իրադարձութիւններուն: Միութենական իր գործակիցներու վկայութեամբ իսկ, ան ուշադիր եւ խստապահանջ էր, բծախնդիր՝ նոյնիսկ ատենագրութեանց լեզուական սխալներու կամ վրիպումներու գծով: Իր ներկայութիւնը ունէր յատուկ գրաւչութիւն: ԼՕԽ-ուհիներու եւ առհասարակ զինք ճանչցած միութենականներու ականջին տակաւին կը հնչեն անոր իւրայատուկ հնչեղութեամբ՝ հատիկ-հատիկ, մեղմ ու գիրգ, քնքուշ բառերը, որոնք նոյնիսկ եթէ ինք թելադրանքի ձեւով  արտայայտէր, կ՛ընկալուէին իբրեւ անլուր, կիրարկելի հրահանգ: Ամէնէն տաք ու խնդրայարոյց վէճերու ընթացքին անգամ, կրնար ինքզինք հակակշռել ու հատու, բայց համոզիչ ու տրամաբանական ոճով կը բացայայտէր իր տեսակէտները: Զինք մօտէն ճանչցողներուն համար, անոր նկարագրային գիծերը կը յատկանշեն տիպար հայուհիի օրինակը: Այն հայուհիին, որ հակառակ կեանքի դժուարութիւններուն եւ բացասական անակնկալներուն, յաջողեցաւ վճռականօրէն յաղթահարել անոնց հետեւանքները եւ շարունակեց իր շահեկան ներդրումը գաղութի ազգային թէ միութենական զանազան բնագաւառներուն մէջ: Անոր սիրելի զաւկին՝ պատանի Վաչէին կորուստը խորապէս ցնցեց հարազատները ու յատկապէս՝ զինք, որպէս մայր, սակայն ան չկքեցաւ եւ Աստուծոյ ապաւինելով շարունակեց իր մայրական առաքելութիւնը, իր միւս զաւակներուն՝ Սեպուհին եւ Մարալին հանդէպ: Գոյատեւող ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կան դէմքեր, որոնց ֆիզիքական բաժանումէն ետք իսկ անոնց գործունէութեան բարոյական աւանդը, անդրշիրիմեան մղումի ներշնչումով  կը շարունակէ խթանել  իրենց գործակիցներն ու նորահաս սերունդները: Սեդա Փամպուքեանի վաստակաշատ ներդրումը հայ ազգային միութենական կեանքին, արդարօրէն զինք արժանի անդամ կը դարձնէ նշեալ դէմքերու փաղանգին՝ ԼՕԽ-ի թէ միութենական այլ բնագաւառներու մէջ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկհ. Սեդա:

ԼՕԽ-Ի «ՆԱՅԻՐԻ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Share this Article
CATEGORIES