Սեդա Փամպուքեանի Յիշատակին
Սրտի կսկիծով եւ խոր յուզումով կը յիշենք Սեդա Փամպուքեանը, որ շուրջ մէկ ամիս առաջ անակնկալօրէն բաժնուեցաւ իր երկրորդ ընտանիքէն՝ Լիբանանի Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկէն, ուր ծառայեց որպէս տնօրէն 1998-էն սկսեալ:
Անցնող տասնհինգ տարիներուն ան Ճինիշեան հիմնարկին մէջ ունեցաւ իր իւրայատուկ գործընթացը, եղաւ աչալուրջ, անկեղծ, լուռ մտածող եւ շրջահայեաց: Միշտ հաւատաց խմբային աշխատանքի՝ մանրամասնօրէն հետապնդելով մշակուած ծրագիրներու գործադրումը: Հակառակ հաստատութեանս պիւտճէական մեծ կրճատումներուն, Տիկ. Փամպուքեան փորձեց թիավարել՝ ամէն դժուարութեան հոսանքն ի վեր, ոչ մէկ ճիգ խնայեց եկամուտի նոր աղբիւրներ ապահովելու, հասնելու կարիքաւորին, անկարին, հիւանդին: Լաւատեղեակ ըլլալով գաղութիս կարիքներուն ու կարելիութիւններուն՝ ան նաեւ բծախնդրօրէն նախաձեռնեց բարգաւաճման ծրագիրներու:
Տիկ. Փամպուքեան համայնքային բարեսիրական եւ այլ հաստատութիւններու հետ մշակեց սերտ գործակցութիւն. ինչպէս նաեւ միշտ քաջալերեց տեղական կազմակերպութիւններու հետ աշխատակցութիւնը:
Կը հաւատանք, թէ Աստուծոյ օգնութեամբ պիտի կարենանք շարունակել հաստատութեանս ծրագիրները՝ մնալով հաւատարիմ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի առաքելութեան: Կեդրոնի դռները միշտ բաց պիտի մնան ընդունելու հայ կարիքաւորը՝ տիկ. Փամպուքեանի ազնիւ ժպիտով, ծառայասէր ոգիով եւ անսակարկ նուիրումով:
Թէեւ տիկ. Սեդան ֆիզիքապէս ներկայ չէ, բայց անոր յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ պաշտօնէութեան մտքին մէջ եւ ան միշտ պիտի յիշուի անոնց աղօթքներուն մէջ։
ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿԻ
ՊԱՇՏՕՆԷՈՒԹԻՒՆ

