Մահուան Քառասունքին Առիթով . Ուրիշներով Մտահոգ Եւ Անոնց Վիճակի Բարելաւման Հետամուտ Ընկերուհի Սեդան
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«Հաստատ հաւատքն ունենալով, որ մեր տարած աշխատանքը ազնիւ եւ աստուածահաճոյ գործ է, վճռած ենք շարունակել մեր մարդասիրական գործունէութիւնը», հաստատեց Սեդա Փամպուքեան՝ իրեն հետ ունեցած վերջին հարցազրոյցիս ընթացքին, ուր անդրադարձ կատարուեցաւ անոր երկրորդ տան, մտահոգութիւններուն, գործունէութեան եւ ամբողջ ներուժին առանցքը հանդիսացող Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկին դիմագրաւած նորանոր մարտահրաւէրներուն եւ օրէ օր աւելցող դժուարութիւններուն։
Առաջին անգամ չէր, որ նման արտայայտութիւն մը կը լսէի իրմէ, սակայն չէի գիտեր, որ վերջին անգամը պիտի ըլլայ… Արդարեւ, մեր աշխատանքներուն եւ մասնագիտութեան բերումով կայացած մեր զրոյց¬հանդիպումներէն ետք միշտ նոր ծրագիրներու, գործունէութեան նոր դաշտերու, նոր իրագործումներու մասին ընդհանուր պատկերացում մը տալէ ետք նոր ժամադրութեան մը մօտաւոր պատկերը կը կազմէինք։
Յաճախակի չէին մեր հանդիպումները, սակայն երկուստեք ժպիտով պարուրուած կ՛ըլլային անոնք։ Հակառակ տարիքի տարբերութեան, երբ հանդիպէինք՝ բարեկամներու նման կը զրուցէինք՝ ընդհանրապէս իբրեւ հիմնական նիւթ ունենալով ազգային հարցերը, Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի աշխատանքները, որոնց անդրադարձը կատարողը կ՛ըլլայի յաճախ։ Սակայն վերջին քանի մը անգամներուն, Սեդա Փամպուքեան մայրը եւս իր ուրուագիծը գծեց դիմացս, երբ իր անձնական փորձառութենէն մեկնելով՝ ան տուաւ խրատներ եւ ուղղութիւններ, որոնց յիշատակումը թէեւ նորութիւն թուեցաւ ինծի, սակայն ընկալեցի ամենայն շնորհակալութեամբ։ Հաւանաբար ատիկա պատճառ դարձաւ, որ մեր աշխատանքային կապը անցնի քիչ մը անդին։
Յաճախ շատ երկար չէին տեւեր մեր զրոյցները, սակայն կ՛ըլլային բովանդակալից։ Իւրաքանչիւրին ընթացքին եւ անոնց աւարտին կարծէք Սեդա Փամպուքեանէն պատգամ մը կամ աշխատանքային կորովի վերաբերող փորձառութիւն մը փոխանցուէր ինծի։ Զրոյցի ընթացքին նկատելի կը դառնար անոր մօտ տագնապը՝ տնօրէնի իր հանգամանքին ընդմէջէն, որ վերածուած էր կոչումի, ուրիշներուն օժանդակելու, բարելաւելու անոնց կացութիւնը, մարդոց տալու ատաղձը՝ անձամբ աւելի լաւ ներկայ ու ապագայ մը կերտելու, որպէսզի, ինչպէս ինք կը ձգտէր, անոնք միշտ կախեալ չըլլան ուրիշներէն, այլ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի տարբեր աշխատանքներու ու ծրագիրներու բերումով կարենան ինքնաբաւ ըլլալու ուղիներն ու ձեւերը գտնել։ Խօսած ատեն Սեդա Փամպուքեանի յանկարծակի լռութիւնը կը յուշէր, որ ան հաւանաբար կը փորձէ ճիշդ ձեւով բանաձեւել իր բազում միտքերն ու ըսելիքները, ճիշդ ոճով արտայայտել եզրերը, բծախնդրօրէն ու առանց վրիպումներու անդրադառնալ տարուած աշխատանքին… Բծախնդրութիւն… Սեդա Փամպուքեանի բազմաթիւ իւրայատկութիւններէն գլխաւորը, որուն նկատմամբ միշտ անզիջող էր, բառ մը, նոյնիսկ տառ մը, երբեմն կը տագնապեցնէին զինք, մտածելու կը մղէին եւ գործի կը լծէին։
Գրեթէ ամբողջութեամբ ազգին նուիրուած էր Սեդա Փամպուքեանին կեանքը, որուն ընթացքին անոր տագնապները վերածուեցան գործի, մտահոգութիւնները՝ բարեսիրական աշխոյժ աշխատանքի, իր ազգի զաւակներուն իրավիճակին մէջ արձանագրուած բարեփոխումները՝ ուրախութեան եւ գոհունակութեան։ Իրեն համար նպատակն էր կարեւորը, միջոցը անպայման կարելի էր դասաւորել այսպէս կամ այնպէս։ Ի զուր չէ, որ ան իրականութեան վերածեց այնպիսի ծրագիրներ, որոնք երբ թուղթի վրայ էին, երազային կը թուէին շատ շատերու։ Այս հայուհին գիտէր, պայքարիլ՝ նուաճելու համար ո՛չ թէ անձնական յաջողութիւններ, այլ ստեղծելու հաւաքական աւելի ընդունելի պայմաններ ու կացութիւն։
Ցաւօք, որ կրկին պիտի չզրուցենք, կրկին պիտի չտեսնեմ աչքերուդ մէջ շողացող փայլքը՝ լռութեան պահուն իսկ խօսող, կրկին պիտի չփորձեմ տագնապներդ իմ տողերուս ընդմէջէն թափանցելի դարձնել, կրկին պիտի չտեսնեմ որեւէ կէտի սեւեռած նայուածքդ, որ երբ կրկին աչքիս հանդիպէր, անպայման շինիչ գաղափարի մը կամ ծրագիրի մը մասին պիտի խօսէիր։ Սակայն կը մնան ինծի փոխանցած գաղափարներդ, բծախնդիր ըլլալու լռելեայն հրաւէրներդ, ամէն գնով եւ բոլոր ժամանակներուն ազգին ծառայելու կոչդ ու պատգամներդ՝ կեանքը ապրելու իր լաւով ու վատով, սակայն միշտ հաւատալու, որ պէտք է պայքարիլ աւելի լաւին համար։

