«Էն. Պի. Էյ.». Նակեթց Արձանագրեց Իր Առաջին Յաղթանակը
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ։
Յաջորդական երեք պարտութիւն կրելէ ետք, Տենվըր Նակեթց արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը՝ 109-107 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Աթլանթա Հոքսը։
«Ամերիքըն Էրլայնզ Արենա» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, Մայեմի Հիթ 102-97 արդիւնքով յաղթեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզի։ Տուայն Ուէյտ (Հիթ) նշանակեց 29 կէտ, իսկ Պլէյք Կրիֆին (Քլիփըրզ)՝ 25 կէտ եւ 14 ռիպաունտ։
Վերջապէս, երրորդ եւ վերջին մրցումին, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ կէտի մը տարբերութեամբ՝ 99-98 արդիւնքով յաղթեց Հիուսթըն Ռոքեթցին։
Ստորեւ՝ շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.
ՇԱԲԱԹ
Շարլոթ Հոռնեթց – Նիւ Եորք Նիքս
Ինտիանա Փէյսըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Օրլանտօ Մեճիք – Պոսթըն Սելթիքս
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Պրուքլին Նեթց
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Օքլահոմա Սիթի
Շիքակօ Պուլզ – Եութա Ճեզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Տալաս Մավըրիքս
Նիւ Օրլինզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Տենվըր Նակեթց
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
ՎԱՂԸ
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Եութա Ճեզ
Աթլանթա Հոքս – Օրլանտօ Մեճիք
Պրուքլին Նեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Մայեմի Հիթ – Պոսթըն Սելթիքս
Հիուսթըն Ռոքեթց – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Միլուոքի Պաքս – Տալաս Մավըրիքս
Սաքրամենթօ Քինկզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ

