Պատրաստուելու Համար Ասիոյ Բաժակի Մրցաշարքին. Լիբանանի Ֆութսալի Ազգային Խումբը Կը Հիւրընկալէ Իրաքը

8-12 դեկտեմբերին Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուրի մէջ տեղի կ՛ունենայ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքը, որուն արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան Ասիոյ 2014-ի ֆութսալի ախոյեանութեան իրենց տոմսը ապահովող խումբերուն անունները։

Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Վիեթնամի մէջ։

Առ ի պատրաստութիւն այս ախոյեանութեան, Լիբանան այս շաբաթավերջին բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Իրաքի դէմ, երկուքն ալ՝ յետմիջօրէի ժամը 16։30-ին, Սատաքայի դաշտին վրայ։

Լիբանան, որ վերջին քանի մը օրերուն քիչ մը աւելի փորձեր կը կատարէ, պիտի փորձէ տալ իր առաւելագոյնը։

Նշենք, որ Լիբանանի ֆութսալի հաւաքականին մաս կը կազմէ նաեւ Սագօ Էսքիճեան։

 

Share this Article
CATEGORIES