Շալքէ Հետաքրքրուած՝ Քասիասով
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, հայկական ArmSport.am լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Շալքէ մօտէն հետաքրքրուած է Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Իքեր Քասիասով։
Նկատի ունենալով սակայն, որ արքայական կազմը մտադիր չէ ծախել Քասիասը, գերմանական կազմը կ՛ուզէ փոխ առնել բաւական փորձառու այս բերդապահը՝ վեց ամսուան համաձայնագիր մը կնքելով անոր ակումբին հետ, կը յայտնէ գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը։
Նշենք, որ Քասիաս ցարդ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի 13 մրցումներէն ոչ իսկ մէկուն մասնակցած է, սակայն իր մասնակցութիւնը բերած է «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն։
CATEGORIES Մարզական

