Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Ակումբները Հրաւիրեց Յատուկ Ժողովի Մը
Երէկ՝ ուրբաթ, 8 նոյեմբերին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ բոլոր ակումբները հրաւիրեց յատուկ ժողովի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Սանթրալ ակումբին մէջ (Ժունիէ), այսօր յետմիջօրէի ժամը 17։00-ին։
Այս ժողովը տեղի կ՛ունենայ ֆետերասիոնին համագումարին նախօրեակին, որպէսզի կարգ մը փոփոխութիւններ կատարուին ընդհանուր ծրագիր-կանոնագիրին մէջ։
Նշենք, որ այս ժողովին օրակարգին վրայ պիտի ըլլան բազմաթիւ կէտեր, որոնց կարգին՝ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին Լիբանանի պասքեթպոլը վերադարձնել միջազգային իր բնականոն տեղը՝ բնականաբար անոր դէմ տնօրինուած կախակայումի պատիժը փորձելով ջնջել։
CATEGORIES Մարզական