«Լա Լիկա»-ի Մարզիչներուն Աշխատավարձքերը. Անչելոթթի՝ Առաջին Դիրքին Վրայ

Քարլօ Անչելոթթի

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի «Լա լիկա»-ի եւ անշուշտ բնականաբար Սպանիոյ ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիչն է։ Ան տարեկան կը գանձէ 7,5 միլիոն եւրօ։

Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Պարսելոնայի մարզիչը՝ Ժերարտօ Մարթինօ (5,4 միլիոն եւրօ)։ Լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Տիեկօ Սիմէոնէ (Աթլեթիքօ Մատրիտ), որ կը ստանայ 2,5 միլիոն եւրօ։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )