Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ողջոյնի Խօսք Ուղղեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Համաժողովին

Հինգշաբթի, 7 նոյեմբեր 2013-ին, Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10-րդ համաժողովի ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոսի համաժողովին ուղղած ողջոյնի խօսքը կարդացուեցաւ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի կողմէ։

Իր խօսքին մէջ, վեհափառ հայրապետը նախ կ՛անդրադառնար միջեկեղեցական շարժումին իր բերած երկարամեայ նպաստին եւ իբրեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ատենապետ 1999-ին բաժանեալ Քորէա կատարած այցելութեան. ապա, համաժողովի նիւթը՝ «Կենսատու Աստուած, մեզ արդարութեան եւ խաղաղութեան առաջնորդէ» կը վերլուծէր՝ Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակն ու քրիստոնեայ-իսլամ կեանքի գոյութենական երկխօսութեան մէջ արդարութեան եւ խաղաղութեան կենսական դերը պարզելով:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը կ՛եզրափակէր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը լուսարձակի տակ բերելով եւ կը գրէր. «2015-ին մենք պիտի յիշատակենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Ցեղասպանութիւն  մը, որ գործադրուեցաւ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ եւ ցարդ Թուրքիան կÿուրանայ զայն: Մենք առաջարկեցինք Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին, որ այս կարեւոր դէպքը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի անդամ եկեղեցիներուն կողմէ յատուկ կերպով նշուի՝ աղօթքի եւ զօրակցութեան ճամբով»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )