Հաղորդագրութիւն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը տարեկան իր աւանդութեան համաձայն, այս տարի 28 նոյեմբերին  կը կազմակերպէ դրամահաւաք -ռատիոթոն։

Հիմնադրամի 2013-ի դրամահաւաքը պիտի յատկացուի Հայաստանը Արցախին կապող «Վարդենիս- Մարտակերտ» մայրուղիի կառուցման: Այս ճանապարհը հիմնադրամի գործունէութեան ընթացքին համահայկական ջանքերով կառուցուած երրորդ մեծ մայրուղին է (շուրջ 116 քմ), որուն կառուցումն ու բարեկարգումը մեծ խթան կը հանդիսանայ մեր երկու հանրապետութիւններու ընկերային-տնտեսական կեանքի զարգացման համար: Այս մայրուղիները հիմնադրամին առիթ  ընձեռեցին արդիւնաւէտ ձեւով եւ աւելի կարճ ժամանակի ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ կեանքի կոչել կարեւոր ենթակառոյցներ։ Այս ճամբաներուն միջոցով կառուցուեցան եւ վերակառուցուեցան դպրոցներ, բժշկական կեդրոններ, ջրամատակարարման եւ կազամատակարարման համակարգեր, մշակութային հաստատութիւններ եւ այլն:

«Վարդենիս- Մարտակերտ» ճամբան արդէն իսկ անհրաժեշտութիւն դարձած այլընտրանքային ճամբայ է, որ ուղիղ կապ կը հաստատէ Հայաստանի եւ Արցախի հիւսիսային շրջաններուն միջեւ՝ զգալիօրէն կրճատելով այն տարածութիւնը, որ այսօր կ՛անցնի «Գորիս- Ստեփանակերտ» մայրուղիով: Ճամբուն օգտագործումը կ՛աշխուժացնէ գիւղերու միջեւ կապը (որ մինչեւ օրս կարելի է միայն Բերձորի միջոցով), ինչպէս նաեւ նոր խթան կը հանդիսանայ յարակից համայնքներու (աւելի քան 25  գիւղերու բնակիչներու կեանքի պայմաններու բարելաւման:

Շուրջ 20 տարի առաջ համայն հայութեան ջանքերով կառուցուած «Գորիս-Ստեփանակերտ» մայրուղիին համար կատարուած դրամահաւաքը լիբանանահայութիւնը լաւ կը յիշէ, որովհետեւ այդ ճամբու կառուցման գլխաւոր նուիրատուներէն հանդիսացած էր լիբանանահայութիւնը, որ միշտ հաւատացած է նման ծրագիրի կարեւորութեան։

Առ այդ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը «ԴԷՊԻ ԱՐՑԱԽ» կարգախօսով անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղէ մեր ժողովուրդին, հինգշաբթի, 28 նոյեմբեր 2013-ին մասնակցելու տարեկան ռատիոթոնին՝ ի նպաստ «Վարդենիս- Մարտակերտ» մայրուղիի կառուցման։

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ

Պէյրութ, 8 նոյեմբեր 2013

Share this Article
CATEGORIES