Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցով Լիբանան մեծ բեռ կը կրէ՝ աւելցնելով, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է այս իմաստով ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները։
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին իրադարձութիւնները։
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ Լիբանան եւ Արեւելք գոյութիւն չեն կրնար ունենալ, եթէ քրիստոնեաները գոյութիւն չունենան։
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կտրականապէս հերքեց լիբանանեան շուկային մէջ իսրայէլեան լոլիկի գոյութիւնը։
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ մէկ կապ արաբական հացին սակը պիտի մնայ անփոփոխ՝ աւելցնելով, որ իրենք պիտի չարտօնեն նաեւ ալիւրի սակին բարձրացումը։
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ժապհաթ Նուսրայի եւ Տահեշի ներկայացուցիչները Լիբանանի մէջ հանդիպում մը ունեցած են։
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ապտել Լաթիֆ Սալեհ հարց տուաւ, որ եթէ լիբանանեան պետութիւնը չի կրնար ցոյց մը պաշտպանել, ապա ինչպէ՞ս ան ալեւի համայնքը պիտի կարենայ պաշտպանել։
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին արգելակումը Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վրայ ժխտական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կրցած է լրտեսումի իսրայէլեան ցանցը խզել։
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ, սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պատասխանատու են երկրին մէջ արձանագրուած տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական նահանջին։
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Ալի Իտ մօտիկ ապագային պիտի ձերբակալուի, որովհետեւ սուրիական թնդանօթները պիտի չկարենան զայն երկար պաշտպանել։
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ նշեց, որ 9+9+6 տարազին հիման վրայ կառավարութեան մը կազմութիւնը Հըզպալլայի պահանջով եղած է՝ արդարացնելու համար Սուրիոյ տագնապին իր միջամտութիւնը։
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ երբ սուրիական տագնապին հանգոյցները քակուին, ինքնաբերաբար կը քակուին նաեւ անոր կապուած այլ թնճուկները, որոնցմէ է նաեւ լիբանանեանը։

