«Օժանդակութեան Գերագոյն Խորհուրդը «Պէյրութեան Սիւննիական» Կրպակ Մըն Է» Կ՛ըսէ Իպրահիմ Պաշիր
Օժանդակութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Իպրահիմ Պաշիր մերժեց իր դէմ ուղղուած այն ամբաստանութիւնը, թէ ինք խորհուրդին պատկանող գումարներէն տասը միլիոն տոլար անհետացուցած է՝ աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սուհէյլ Պուժիի կողմէ իր դէմ մղուած այս արշաւը զուտ քաղաքական է եւ անոր նպատակն է աղաւաղել իր վարքը։
«Օժանդակութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահութիւնը ստանձնած օրէս սկսեալ բոլորը գիտէին, թէ այդ խորհուրդը «պէյրութեան սիւննիական» կրպակ մըն է, որ միայն որոշ անհատներու եւ կողմերու կ՛օժանդակէ։ Մենք խորհուրդը վերածեցինք
հաստատութեան մը, որ կը գործէ Լիբանանի եւ անխտիր բոլոր լիբանանցիներուն համար։ Այս իրականութիւնը բազմաթիւ անձեր նեղացուց, յատկապէս վարչապետարանին մէջ գտնուող պատասխանատու անձնաւորութիւն մը, որ Սուհէյլ Պուժին է», ըսաւ Պաշիր։
Պաշիր յայտնեց, որ ինք երէկ առաւօտեան այցելած է դատախազ Սամիր Համմուտին եւ անկէ պահանջած, որ իրեն վերաբերող թղթածրարին մասին իրաւաբանական հոլովոյթը ընթացք առնէ։
Պաշիր հաստատեց, որ ինք պատրաստ է դատական իշխանութիւններուն ներկայանալու եւ ներկայացնելու իրմէ պահանջուած բոլոր փաստաթուղթերը։
Նշենք, որ ընդհանուր դատախազութիւնը երկուշաբթի օր պիտի սկսի Օժանդակութեան գերագոյն խորհուրդի թղթածրարին հետաքննութեան։
ՄԻՒՍ կողմէ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ ինք ոչ մէկ իրաւասութիւն ունի Իպրահիմ Պաշիրին վերաբերող թղթածրարին մասին յայտարարութիւն կատարելու, առանց ընդհանուր դատախազութեան արտօնութեան։


