Նախագահ Սլէյման Երկուշաբթի Օր Կը Մեկնի Սէուտական Արաբիա
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երկուշաբթի օր պաշտօնական միօրեայ այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ։
Լիբանանեան-սէուտական վեհաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ տագնապը, «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին ու սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին մասին Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները։
Ռիատ կատարելիք իր այցելութեան նախօրեակին նախագահ Սլէյման շեշտեց Սէուտական Արաբիա իր կատարելիք այցելութեան ունենալիք դրական ազդեցութիւնը։
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ կառավարական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական տարբեր պլոքներուն միջեւ փոխադարձ քննարկումներն ու խորհրդակցութիւնները։
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու բարգաւաճման գործակալութեան տնօրէն Ռաճիֆ Շահը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ ամերիկացի դեսպան Տէյվիտ Հէյլը։
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ամերիկեան գործակալութեան աշխատանքները, որոնց շրջագիծին մէջ Շահ շեշտեց, որ գործակալութիւնը պիտի շարունակէ Լիբանանին յատկացնել իր օժանդակութիւնները եւ պիտի բազմացնէ զանոնք՝ դիմագրաւելու համար սուրիացի գաղթականներուն ստեղծած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ օժանդակելու անոնց եւ այն ընկերութիւններուն, որոնք կը պահեն զանոնք։
Հանդիպումին ընթացքին ամերիկացի պատասխանատուն դրուատեց նախագահ Սլէյմանի ջանքերը՝ դիմադրելու համար այս տագնապին։
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյմանի այցելեց Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Իսամ Սլէյմանը, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց այս հանգրուանին խորհուրդին կատարած աշխատանքը։