Հաղորդագրութիւն. ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Նախաձեռնութեամբ Միջվարչական Ժողով՝ Պոսթոնի Մէջ

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, շաբաթ, հոկտեմբեր 26, 2013-ին, Պոսթոնի արուարձաններէն Ուոթըրթաունի «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ միջվարչական ժողով՝ Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու շրջանային վարչութիւններու մասնակցութեամբ։ Կեդրոնական վարչութեան եւ նշեալ շրջանային վարչութիւններու անդամներուն կողքին, հանդիպման նաեւ ներկայ էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Միօրեայ ժողովը բացուեցաւ ՀՕՄ-ի քայլերգի երգեցողութեամբ, որմէ ետք ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեան բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց ներկաները:

Ժողովականներու ծանօթացումէն ետք Վիգի Մարաշլեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց միութեան  գործունէութիւնը եւ ներկայ ժողովին նպատակը:

Ժողովը յատկապէս կեդրոնացաւ ՀՕՄ-ի հետեւեալ ծրագիրներուն վրայ. Ախուրեանի ՀՕՄ-ի «Մօր ու մանկան առողջապահական կեդրոն», Արցախի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզներ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակման ձեռնարկներ, ՄԱԿ-ի գործունէութիւն, ռազմավարական ծրագրում, սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրներ, ուղեկից եւ այլ կազմակերպութիւններու հետ փոխ-յարաբերական գործունէութիւն։

Հայաստանի ծրագիրներու նկատմամբ, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեսիա Բեջանեան առաւել տեղեկութիւններ ներկայացուց, մինչ ՄԱԿ-ի ծիրէն ներս ՀՕՄ-ի գործունէութեան մասին զեկուցեցին Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ Փայլուն Կեցոյեան եւ Ռոզի Պետրոսեան։

ՀՕՄ-ի ռազմավարական ծրագրումի սկզբնական աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ տուաւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կրասիէլա Գէորգեան, որմէ ետք ռազմավարական ծրագրումի յանձնախումբի անդամ Նայիրի Տէրտէրեան ներկայացուց յանձնախումբին տարած աշխատանքը, ապագայ քայլերն ու հեռանկարները։

Ժողովի ընթացքին համացանցի միջոցով Հալէպէն կապ հաստատեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զեփիւռ Է. Ռէյիսեան, որ զեկուցեց Սուրիոյ նոր մարտահրաւէրներուն եւ երկրին կենցաղային դժուարութիւններուն մասին՝ կեդրոնանալով ՀՕՄ-ի տարած աշխատանքներուն, օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ բնակչութեան անմիջական կարիքներուն հետ կապուած նիւթերուն շուրջ։

Օրուան ընթացքին, իւրաքանչիւր նիւթի քննարկման ժամանակ առիթ տրուեցաւ հարցում-պատասխաններու եւ կարծիքներու փոխանակման։

ՀՕՄ-ի Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջանային վարչութիւններու ատենապետներ՝ Սեդա Մալխասեան, Անի Աթթար եւ Լենա Պօզոյեան, յաջորդաբար ներկայացուցին իւրաքանչիւր շրջանի տարեկան գործունէութիւնը, ծրագիրները, արձանագրուած յաջողութիւններն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները՝ միաժամանակ փոխանցելով իրենց ակնկալութիւններն ու թելադրանքները։

Ժողովի վերջին մասը յատկացուեցաւ ՀՕՄ-ի գործունէութեան բարելաւման հարցերու եւ անոնց հետ կապուած առաջարկներու. մասնաւորապէս ֆինանսական, կառուցային եւ կազմակերպական ոլորտներուն մէջ:

Ֆինանսական պատկերը ներկայացուց Կեդրոնական վարչութեան գանձապահ Գարոլին Շմաւոնեան, մինչ կազմակերպութեան գործունէութեան քարոզչական ու հանգանակութեան ծրագիրներու նկատմամբ պրոշիւրներու պատրաստութեան մասին խօսք առաւ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Նայիրի Շահինեան։

Գիտակից աշխարհատարած իր կառոյցի հզօրացման կարեւորութեան եւ հետեւելով ՀՕՄ-ի Համահայկական ժողովի որոշումներուն՝ Կեդրոնական վարչութիւնը նախաձեռնեց այս հանդիպումը որպէս ցամաքամասային առաջին փորձ՝ նշեալ շրջանային վարչութիւններու կողքին մէկտեղելով  նաեւ ռազմավարական ծրագրումի եւ կանոնագրի յանձնախումբերը:

ՀՕՄ-ի միջվարչական այս արդիւնաւոր ժողովը առիթ մը ընծայեց Հիւսիսային Ամերիկայի ՀՕՄ-ի շրջաններու ղեկավարութեան՝ համադրելու իրենց գործունէութիւնը եւ նոր թափով շարունակելու միութեան ներկայ ու ապագայ ծրագիրներու իրականացումը:

Մեկնելով այս առաջին միջվարչական ժողովի դրական արդիւնքէն, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը ծրագրէ նոյնանման ժողովներ կազմակերպել այլ ցամաքամասերու մէջ եւս՝ համախմբելով աշխարհասփիւռ ՀՕՄ-ուհիներն ու վառ պահելով միութեան առաքելութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES