Նամականի – Արձագանգ. «Սրբադասումն Ու Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերը» Տեսերիզին Առթիւ
ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
Բանասէր
Մտիկ ըրի «Ազդակ»-ի կայքին մէջ հոկտեմբերին սփռուած «Սրբադասումն ու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը» նիւթով զրոյցին տեսերիզը։ Կը մասնակցէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան հոգեւոր ներկայացուցիչները, եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետուհին։ Օգտակար՝ գոնէ այն առումով, որ այնտեղ կը յայտնուէին ընդհանուրիս վերաբերող շփոթներ եւ մեր իրականութեան անյարիր կարգ մը միտքեր ու երեւոյթներ։
Կ’ուզէի անդրադառնալ միայն մի քանիին՝ հաւատացած ըլլալով որ նկատողութիւններուս մէջ մինակ չեմ եւ մանաւանդ՝ մտածումի ընթացքի մէջ եղող այս նիւթին նպաստ կրնայ բերել արտայայտուիլը եւ մամուլի մէջ վիճարկումը շարունակելը։
Ա. Սուրբ- նահատակ- հերոս եզրերը հասկացողութիւններ են, զորս պէտք է տարանջատել եւ անկախաբար սահմանել՝ զանոնք գործառնութեան մէջ դնելէ առաջ։ Ո՞վ կը համարուի սուրբ, ո՞վ՝ նահատակ։ Ինչպիսի՞ նկարագրի կը համապատասխանէ հերոսը։ Սուրբը միշտ նահատակ չէ, նահատակը յաճախ հերոս չէ, իսկ հերոսին սուրբ կամ նահատակ ըլլալը պայման չէ։
Ահաւասիկ տարածք մը, զոր պէտք է ուսումնասիրել խորապէս՝ պատասխան մը տալէ առաջ։ Լաւ առիթ է ասիկա, եթէ ճիշդ գործածուի, հայ նորօրեայ մշակոյթին մէջ վերասահմանումներով նորոգելու մեր բարոյական արժէքները։ Մտայնութեան եւ կենցաղի հիմքեր են ատոնք։
Բ.- «Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասում» կ’ըսուի։ Ինչպիսի՞ զոհերու մասին է խօսքը։ Զրոյցի մասնակիցներուն տեսակէտները իրարմէ կը տարբերէին։ Հասկցանք, որ սրբադասման յատուկ յանձնախումբը կը քննարկէ տակաւին այս հարցը։ Կ’ուզէի ուշադրութիւն հրաւիրել այն կէտին շուրջ, որ Ցեղասպանութիւնը բազմատեսակ զոհեր արտադրեց. անոնք միայն մեռնողները չեն։ Ջարդուածներու, սովամահներու, անձնասպան եղածներու կողքին եղան խելագարածներ, բռնի կրօնափոխ-ազգափոխներ, վախի մէջ լռած կեանքեր, գողցուած մանուկ-երեխաներ՝ յափշտակուած ինքնութեամբ, որոնք իրենց ով ըլլալն անգամ չգիտցան. վերջապէս բոլոր անոնք, որոնք զրկուեցան իրենց հազարամեայ օրրանէն, ցրուեցան ամէնուրեք, ծնան սերունդներ՝ երէկ մեզ, այսօր մեր զաւակները, որոնք գոյապայքարի մէջ կը մաշեն իրենց ստեղծագործական ոգին, իսկ ազգային գիտակցութիւնը՝ մշակոյթ-լեզու նահանջի մէջ են։ Ասոնք բոլորը զոհեր են։ Երբ կ’ըսուի ցեղասպանութեան զոհ, մենք յատուկ դասակարգ մը նկատի չենք կրնար ունենալ։ Տրամաբանական պիտի ըլլար, որ քրիստոնեայ հայ եկեղեցին, իր կրօնական առաքելութեան համաձայն, հովանաւորէր հոգեւոր մղումով զոհուածներու յիշատակը, թէ ոչ սխալ պիտի ըլլայ զոհը ի բնէ սուրբ համարելը։ Եթէ ճիշդ է այս, ուրեմն պէտք է սրբագրել տարազումը։
Գ.- Զրոյցի մասնակիցներուն մէջ մեր երեք յարանուանութիւններէն Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ բացակայութիւնը աչքի կը զարնէր։ Անմիջապէս ըսեմ՝ ոչ թէ ներկայացուցիչին, այլ եկեղեցւոյ եւ անոր միջոցով ալ՝ աւետարանական համայնքին։ Ծանօթ է, որ Աւետարանական եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը Աստուծոյ առջեւ Քրիստոսէ զատ միջնորդ չի դաւանիր, հետեւաբար եւ սրբակեաց մարդիկ, ինչ ճակատագիր ալ ունեցած ըլլան, չեն վերածուիր խորհրդանիշի, ոչ ալ՝ տօնելի տիպարներու, իսկ սուրբերու՝ ամենեւին։ Հետեւելի կատարեալ օրինակը բացառապէս Քրիստոսի մենաշնորհն է։ Շա՛տ բարի. հայ աւետարանական պատուելին այդ զրոյցին մէջ տեղ չունէր հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ հոգեւորական ներկայացուցիչներուն կողքին, որոնք իրենց եկեղեցիներու տեսանկիւնը (վարդապետութիւնը) կը ներկայացնէին եւ նկատի ունէին իրենց հօտը միայն։ Բայց, խօսքը ամբողջ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան մասին է եւ ոչ՝ որոշ հատուածի։ Հետեւաբար, ինչպէ՞ս վարուիլ ցեղասպանութեան տարիներուն ժողովուրդին կողքին մարտնչած, զայն առաջնորդած, հայ ըլլալնուն համար հալածուած, Քրիստոսի ծառան ըլլալնուն համար ալ նահատակուած հայ բողոքական (այդ օրերուն այս անուանումը միայն տարածուած էր) հովիւ պատուելիներու եւ ազատամարտիկներու յիշատակին հետ։
1895-ի Զէյթունի ապստամբութեան հերոս Աղասի իր «Զէյթուն եւ շրջակաները» գիրքին մէջ կու տայ բողոքական հայ ֆետայիներու անուններ, ինչպէս՝ Արաբոյի խումբէն Մխօ-Շահէն, մարաշցի «քաջազուն ընկեր» Եզրաս Էմրալեան, որուն «յիշատակը անմահ մնալու է մեր մէջ», կ’ըսէ հեղինակը, որ այլ տեղ կ’աւելցնէ. «Հայ հերոսները իրենց վերջին հանգստարանին մէջ լուսաւորչականի եւ բողոքականի յարանուանական բաժանում չունեցան։
Արդար չ’ըլլար կողքէն անցնիլ «Խարբերդի Սոկրատը» կոչուած մտաւորական եւ քարոզիչ Յովհաննէս Պուճիգանեանի եւ խարբերդցի պատուելի Կիրակոս Խաչերեանի նման մարդոց, որոնք մեծագոյն վայրագութիւններու ենթարկուեցան ու բառին կատարեալ իմաստով նահատակուեցան 1915-ին՝ իրենց հայ ըլլալուն, քրիստոնեայ ըլլալուն եւ մտաւորական- առաջնորդ ըլլալուն համար։
Ինչո՞ւ կը շեշտեմ այս կէտը։
Եթէ եկեղեցի մը սուրբի կարգը կ’ուզէ անցընել այս կամ այն անձ-անձերը, կը նշանակէ, որ զանոնք ընտրելով եւ եկեղեցիէն ներս ընդունելով՝ անոնց յիշատակին տէր կանգնիլ կ’ուզէ։ Հարցումը հետեւեալն է. սրբադասման գործընթացին մէջ գտնուող եկեղեցիներուն նպատակը ի՞նչ է։ Արդեօք կ’ուզեն ստեղծել իրե՞նց սուրբերը, անոնցմով նորոգուելու եւ իրենց եկեղեցական հեղինակութիւնը ամրապնդելու (ինչպէս կ’իմանանք՝ եկեղեցւոյ սրբադասման աւանդոյթը նորոգելու), թէ՞ կ’ուզեն համահայկական բարձր արժեչափ հաստատելով՝ ապահովել յիշատակումը ցեղասպանուած այն արժանիներուն, որոնց նուիրումը, ընթացքը, կեանքն ու մահը օրինակ կրնան ծառայել սերունդներու՝ իբրեւ ընդօրինակելի տիպարներ։
Եթէ, ինչպէս կ’ըսուի զրոյցին մէջ, օտարազգի սուրբեր հաւասարապէս կը մեծարուին թէ՛ Հայ առաքելական եւ թէ՛ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու մէջ («Սուրբը չի պատկանիր յատուկ եկեղեցւոյ մը, այլ՝ մարդկութեան եւ բոլոր եկեղեցիներուն»), ուրեմն, հայազգի բայց քոյր եկեղեցւոյ զաւակ նուիրեալներ անպայման իրենց տեղը պէտք է գտնեն այնտեղ։
Այս հարցը թնճուկ մըն է սակայն։ Մէկ կողմէ, պատմական (նաեւ հոգեւոր) յարցագործութիւն է հայ բողոքական նահատակները անտեսել, միւս կողմէ բողոքական կամ աւետարանական եկեղեցին անհատի նուիրագործում չի ճանչնար։ Թնճուկը բանալ, ի հարկին վերացնել պէտք է։ Ցեղասպանութեան նահատակները հաշիւ չեն հանդուրժեր։
Մեր հոգեւոր առաջնորդներէն կը սպասուի արդարութեան կողմնակից ըլլալ ի շահ ժողովուրդին։ Գործնական իմաստութեամբ միաւորել տարտղնուած արժեչափերը։ Ազգային եկեղեցի՝ կը նշանակէ ազգին մէջ գտնուող տարբեր ուժերը գործածել յօգուտ ազգի աճման։ Մէկուկէս դարէ ի վեր մեր ժողովուրդին ծոցը կը գործեն քրիստոնեայ օրինաւոր երեք եկեղեցիներ, ոչ միայն մէկ եկեղեցի։
Իսկ Հայ աւետարանական եկեղեցին պէտք չէ ուշանայ իր խորհրդածութիւններով եւ փորձառութիններով մասնակցիլ նիւթին։
Դ.- Հրանդ Տինքի սպանութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ մահմետական հայերու (զոհե՞ր) երեւոյթը աւելի յաճախ սեղան բերուի։ Զայն կարելի է բնորոշել իբրեւ անցեալի շօշափելի ներկան։
Այս նիւթը նախ եւ առաջ սլաք մըն է՝ ուղղուած մեր գիտակցութեան, որ կարծրատիպերու անդորրը չկորսնցնելու համար կը փորձէ աննկատ թողուլ այս պարագան։ Ասոր մէկ օրինակն է «Սրբադասումն ու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը» զրոյցը։ Եթէ ցեղասպանութեան նահատակները եկեղեցական սուրբերու դասը անցընելով՝ անոնց յիշատակին քրիստոնէական տարազ պիտի հագցուի, մեր յիշատակումներուն մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող կրօնականը առաւել եւս պիտի շեշտուի, եթէ իբրեւ բացարձակ բնաբան աւելի բարձրագոչ պիտի ըսենք՝ «չենք կրնար անջատել ազգայինը հոգեւորէն, եկեղեցականը հայրենասիրականէն», ապա գիտակցինք, որ ատիկա երկրորդ եւ գուցէ վերջնական հարուած պիտի ըլլայ այլակրօն հայերուն ճակատագրին ուղղուած, այս անգամ՝ իրենց ազգակիցներու կողմէ։ Այդ պիտի նշանակէ զանոնք վտարել հայու կոչումէն, նսեմացնել անոնց անցեալը։ Ի՞նչ եւ որո՞ւ իրաւունքով։
Միայն այսքան չէ։ Քաղաքական դատի մասին կը խօսուի, արդարութիւն կը պահանջուի։ «Եկեղեցին միայն կրօնական տուն չէ, այլ նաեւ արդարութեան պահանջատէրն է» կ’ըսուի։ Ուրեմն արդարութեան այդ տուներէն կը պահանջուի արդարութեան առաջին օրինակը տալ իրենիններէն սկսելով։
Աւելի՛ն. մահմետական հայերը անոնք են, որոնք կը շարունակեն ապրիլ հողին վրայ։ Մեր ազգային շահերը երբեք չեն արտօներ այնտեղ անոնց ներկայութեան անտեսումը։ Մինչդեռ, պաշտօնական բերաններէ անդադար կը լսուի, թէ հայն ու քրիստոնէութիւնը անբաժան են։ Իբրեւ նմուշ կը բերուի Վարդանանց օրինակը. թոյլ տուէք ընդգծել, որ 21-րդ դարու հայ ժողովուրդին պայմանները 1600 տարիներ ետք փոխուած են։
Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական ու հոգեւոր ներկայացուցիչները աւելի հեռու երթալով՝ բուռն, երբեմն սպառնալից ոճով պայքար կը մղեն յօգուտ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բացարձակութեան գաղափարին։ Հայրենիքին մէջ ոչ թէ ազգ – կրօնի (քրիստոնէութեան) միաձուլումը կը քարոզուի, այլ ազգ – եկեղեցիի։ Ինչպիսի՜ ազգավնաս ընթացք։
Իսկ ի՞նչ ըսել ինքզինք անկրօն-անաստուած-անհաւատ (athée) դաւանող հայ երիտասարդներու ստուարացող փաղանգին մասին։ Ազգէն վտարե՞լ զանոնք։ Դարձեալ՝ ո՞վ եւ որո՞ւ իրաւունքով։
Ընդունինք կամ ոչ՝ կայ իրականութիւն մը, որ կախեալ չէ անհատներու փափաքէն, այս կամ այն հաստատութեան սնանկութեան վախէն։
Ե.- Նոյնիսկ եթէ գոյութիւն չունենային նախորդ չորս նկատողութիւնները, այս կէտը բաւարար է նման սրբադասման երեւոյթէն մտահոգուելու։
Սրբացնել՝ կը նշանակէ կատարելագործուած պատկեր մը շնորհել սրբացած տիպարին, մնայուն դարձնել զայն։ Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման նպատակն ալ այդ է, ժողովրդականացնել, մոռացումէ փրկել, յիշատակը ապահովել ամրացնելով։
Սրբացնելով ցեղասպանութեան նահատակները, անոնց հարցը պիտի համարուի լուծուած, ալ կարիք պիտի չզգացուի վերարծարծելու նիւթը։ ժամանակի ընթացքին պիտի վերածուին անձեռնմխելի հպարգելքի (թապու), զոր փոխելը, սրբագրելը, նոյնիսկ զարգացնելը բարոյական արգելքներու պիտի բախին։ Պիտի դառնան կարծրատիպ եւ բոլոր կարծրատիպերու պէս պիտի զրկուին բովանդակութենէ, պիտի քարանան իրենց ժամանակին մէջ եւ թերեւս սանձեն մտքերու թռիչքը։ Մեծարուած գաղափարը ամենաքիչ ըմբռնուածը կ’ըլլայ ընդհանրապէս։ Ժողովրդական «Սուրբ Վարդան»-ը կատարեալ օրինակն է ասոր։ Ամենահանրաճանաչ անունն է մեր մէջ։ Ժողովուրդին քանի՞ տոկոսը ծանօթ է անոր, որո՞ւ մտքէն կ’անցնի հարցումներով թափթփել վրան դիզուած փոշին։ Նուարսակի փոխարէն՝ Աւարայրի փառաբանութեամբ պատմական ճշմարտութիւնը անգամ խաթարուած է։ Եւ այսպէս կը քալէ…
Ցեղասպանութեան նահատակ- զոհ – հերոսներու նիւթը բաւարարաչափ չէ ուսումնասիրուած տակաւին։ Յաւելեալ բացայայտումներու, գիտական լուրջ սերտողութիւններու եւ մանաւանդ ժամանակի կը կարօտի։ Ճիշդ է՝ կ’ըսուի, թէ յանձնախումբը կ’ուսումնասիրէ այս հարցը, բայց հապճեպ կարգադրութիւն պիտի չ’ըլլա՞յ անոնց ֆեթիշացումը ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, արգելք՝ իսկապէս հաղորդուելու անոնց իսկութեան։
Խորհրդանիշը առանց բացատրութեան տրուած պատասխան մըն է։ Իսկ մենք պէտք ունինք բացատրութիւններու, յայտնաբերումներու։ Եթէ խլուի մեզմէ հարցադրումի տագնապը, պիտի բաւարարուինք մակերեսային յիշատակումներով եւ օր մըն ալ ապրիլ 24-ը «պիտի տօնենք», ինչպէս անմեղօրէն կրկնուեցաւ զրոյցի ընթացքին։ Անզգուշութիւն մը, որ դատապարտելի չէ, բայց զգուշութեան հրաւէր է անկասկած։
Ֆրանսա, 2 նոյեմբեր 2013