Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճ Այցելելով՝ Վահէ Պէրպէրեան Աշակերտութեան Կը Թելադրէ՝ Գի՛րք Կարդացէք, Գրականութի՛ւն Կարդացէք

Լիբանան կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ, ուրբաթ, 1 նոյեմբերի կէսօրին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ այցելեց նախկին սոֆիայակոբեանական, թատերագիր, նկարիչ եւ արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեան։

Քոլեճին տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան կողմէ դիմաւորուելով՝ Վահէ նախ ծանօթացաւ քոլեճին այսօրուան վիճակին ու ապա ներկայացուց Պէյրութ այցելութեան շարժառիթները՝ գեղանկարչական իր ցուցահանդէսը եւ «Եթէ» մենաներկայացումը։

Տնօրէնութիւնը քոլեճին նախկին աշակերտին վերապահած էր քանի մը անակնկալ։ Առաջինը՝ իր դասընկերներու հետ հանդիպումն էր։ Քոլեճի 1972-1973 սերունդի շրջանաւարտներէն՝ Վահէի ընկերներէն Լիբանան կը գտնուէին երկու դասընկերներ միայն՝ Կարօ Արապաղլեան եւ Յակոբ Զաքարեան, որոնք հրաւիրուած էին տնօրէնութեան կողմէ։ Հետեւաբար, յուզիչ եղաւ 40 տարի ետք դասընկերներու հանդիպումը կրթական այն յարկին տակ, ուր անոնք անցուցած էին իրենց պատանեկութեան լաւագոյն օրերը։

Տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ դասընկերներու հետ տեսակցութենէ ետք, Վահէ Պէրպէրեան հանդիպում մը ունեցաւ իր սիրելի քոլեճին աշակերտութեան հետ։ Աշակերտներ ողջոյնի խօսքով, Վահէի գիրքերէն հատուածներու ընթերցումով եւ դաշնակի նուագով բարի գալուստ մաղթեցին հիւրին։ Ընթերցուած հատուածները կը ներկայացնէին Վահէի աշակերտական տարիքի յուշեր եւ ընդհանրապէս գիրքի եւ ընթերցանութեան մասին մտորումներ, քաղուած՝ «Նամակներ Զաաթարէն» եւ «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ» գիրքերէն։

Աշակերտներու ելոյթէն ետք, քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան իր կարգին ողջունեց արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանը եւ գնահատեց մեր կեանքի թերութիւնները տեսնելու, վերլուծելու անոր կարողութիւնը եւ մենաներկայացումներով զանոնք ժողովուրդին ուշադրութեան յանձնելու արուեստը։ Ինքնասրբագրման առաջին ուղին սեփական թերութիւններուն անդրադառնալն է, նշեց տնօրէն Աւագեան, աւելցնելով, որ Վահէ Պէրպէրեան մեզ ինքնասրբագրման մղող արուեստագէտն է, իսկական երեւոյթ մըն է ան մեր օրերուն։

Իր խօսքին աւարտին տնօրէն Վիգէն Աւագեան արուեստագէտ հիւրին հրամցուց երկրորդ անակնկալ մը, երբ անոր նուիրեց 1969-ի անոր դասարանային խմբանկարը եւ Սոֆիա Յակոբեանի մէջ ուսումնառութեան տարիներու վիճակացոյցներէն օրինակներ։ Քոլեճին խնամակալութիւնը, իր կարգին, յուշանուէրով մը պատուեց Վահէ Պէրպէրեանը, որ այսօր բարձր կը պահէ քոլեճին անունը աշխարհի չորս ծագերուն իր ունեցած ելոյթներով եւ արուեստի ներկայացումներով։

Այնուհետեւ, յուզուած տրամադրութիւններով բեմ բարձրացաւ Վահէ Պէրպէրեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած պատիւին ու յարգանքին համար։ Ան ըսաւ, որ գիրք կարդալու եւ քննական մտածողութիւն ունենալու կարողութիւնը կը պարտի Սոֆիա Յակոբեանի իր ուսուցիչներուն։ Ան իրեն յատուկ ոճով դրուագներ յիշեց Սոֆիա Յակոբեանի աշակերտական իր տարիներէն, դասընկերներէն եւ ուսուցիչներէն։

Վահէ Պէրպէրեան խօսեցաւ գիրքերու աշխարհին հետ իր ունեցած մտերմութեան մասին եւ աշակերտութեան թելադրեց կեանքի մէջ յաջողելու, լայն մտահորիզոն ունենալու եւ զարգանալու համար հեռու մնալ համացանցի մակերեսային ժամանցի զբաղումներէն եւ գի՛րք կարդալ, գրականութի՛ւն կարդալ՝ մեր միտքն ու հոգին հարստացնելու համար։

Հանդիպումին աւարտին Վահէ Պէրպէրեան պատասխանեց ներկայ աշակերտներու մեծաթիւ հարցումներուն։ Ապա, ան յիշատակի կարգ մը լուսանկարներ նկարուելով՝ հրաժեշտ տուաւ քոլեճին։

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )