Ճակատագրի Ճանապարհին Մոռցուածները. Հեղինակ՝ Շահանդուխտ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Շահանդուխտ դա՛րձեալ անակնկալի կը բերէ մեզ եւ այս… երեսուներկուերորդ անգամը ըլլալով. այո՜, երեսուներկու. ա՛յս է թիւը անոր հեղինակած ու  լոյս ընծայած  գիրքերուն, որոնց  անուններուն եւ նկարներուն կը հանդիպինք այս վերջին հատորի կողքերուն վրայ, եւ որոնք կը ցուցաբերեն դիպաշարերու եւ սեռի ապշեցուցիչ այլազանութիւն մը՝ պատմուածք, վէպ ու վիպակ, օրագրութիւն, քերթուածներ, նամակներ, տպաւորպաշտ էջեր, հեքիաթ,  ինքնակենսագրութիւն եւ այլն: Տարիներ առաջ աւելի բնական զգացումով մը կը բանայի իր հատորները, սակայն յառաջացող ժամանակին հետ հոգեկան փղձկումով կը բանամ զանոնք ու կը կարդամ՝ միշտ հարց տալով, թէ ինչպէ՛ս կը գրէ ան, վասնզի իր տեսողական դժուարութիւնը, որ հաւասար է գրեթէ ամբողջական աչազրկութեան, հանրայայտ իրողութիւն է: Բայց ահա ան կը շարունակէ ստեղծագործել՝ իրեն յատուկ նուիրումով մը եւ հնարով մը, որ կարելի է միայն գովել, եւ ընթերցողին հայթայթել հաճելի ընթերցումի եւ գոհունակութեան  այն ուրոյն զգացումը, որ բնորոշ է իր բոլոր երկերուն:

Արդարեւ, Շահանդուխտ յաջողած է ստեղծել իր սեփական  ոճը, որ վարժ ընթերցողը պիտի չվարանի ճանչնալու առաջին տողերէն իսկ. պարզունակ, սահուն, անսեթեւեթ պատումի ոճն է այդ, որուն Շահանդուխտ տիրացաւ իր գրողական ճիգերու տասնամեակներուն:  Եւ այս հաճելի ոճն ալ պատճառ կը դառնայ, որ երբ իրմէ հատոր մը ձեռք առնես, ապա չբաժնուիս անկէ՝ զայն աւարտելէ առաջ, ինչպէս եղաւ այս վերջին անգամ եւս: Այո, ա՛յս է եղած ընդհանրապէս իր գիրքերուն հետ հանդիպումս, եւ պիտի չթաքցնեմ, որ ամէն անգամ քիչ մըն ալ  աւելին տուած է ան:  Ես միայն կը զարմանամ, թէ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ տասնամեակներով Շահանդուխտի  գրախօսականները թախանձագին  դարպասող, դուք ըսէք՝ մուրացող, գրագէտներն  ու դասագիրքի հեղինակները, անոր աչքերուն վերջին ճաճանչներն ալ խլել չվարանելէ ետք,   զլացան իրենց սրտի խօսքը հասցնել հանրութեան, եւ փաստօրէն ահա ամիսէն աւելի է մէկ տող անգամ չգրեցին:  Ու տակաւին հարց է, թէ անոնցմէ քանի՞ն զիջանեցաւ կարդալ այս գործը:

***

Ներկայ հատորը կը յարի ինքնակենսագրական վէպի սեռին եւ կը ներկայացնէ հեղինակի կեանքին այն փուլը (1960-1975), ուր ան ընդգրկեց լրագրական ասպարէզը ու հմտացաւ անոր մէջ՝ այն օրերու լիբանանահայ գաղութի անուանի խմբագրատուներէն «Լը Սուար»-«Այգ»-ի շրջագիծին մէջ եւ շփուելով նմանապէս իր ժամանակի ամենափայլուն կին գործիչներու մէկ փաղանգին հետ, ինչպիսին էին Լիւսի Թոսպաթը եւ «Երիտասրդ հայուհի»-ի տէր ու տնօրէնուհի Սիրան Սեզան, երկուքն ալ քոյրերը վաղամեռիկ բանաստեղծ Մատթէոս  Զարիֆեանի, Եոլանտ Աճեմեանը՝ իրենց քեռորդին՝ անզուգական մանկավարժուհի ու արուեստաբան միաժամանակ, Սիւզի Թոսպաթը՝ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի հմայիչ աստղերէն,  այլեւ ասոնցմէ անդին՝ ինքը՝ Տիգրան Թոսպաթը, ըստ ամենայնի շքեղ ու առինքնող անձնաւորութիւն մը, որ հիմնադիրն էր  այդ անկախ հրատարակչատան, կարելի է ըսել՝ կայսրութեան, ուր ան բազմած էր ու կ՛իշխէր իսկական կայսրի մը տիրականութեամբ ու վայելչութեամբ՝ իր կարգին շրջապատուած Լիբանանի այն օրերու լաւագոյն հրապարակագիրներով, ինչպիսին էին Քեսրուան Լապաքին, Անտրէ Քիքաթին եւ շատ ուրիշներ:

Սակայն այս բոլորին մէջ Շահանդուխտի իսկական մտատիպարը, ըստ ամենայնի՝  արժանաւորը, արդարօրէն Լիւսի Թոսպաթն է, այն հոյակապ կինը, որ ձեռնհասօրէն վարեց  «Այգ»-ի ղեկը  աւելի քան քսանամեակ մը՝ զուգահեռաբար իր քրոջը՝ Սիրան Սեզային, որ քիչ անդին կը խմբագրէր ոչ նուազ անուանի, այլեւ աղմկայարոյց  «Երիտասարդ հայուհի» ամսագիրը, որուն ակնարկեցի վերը: Այդ քսան տարիներուն ան իրեն գործակից ունեցաւ բազմաթիւ տաղանդաւոր լրագրողներ, որոնք փայլեցան լրագրական ասպարէզին մէջ, ինչպէս՝ Եղիա ու Սարգիս Նաճարեանները, Եղիշէ Մանուկեանը, Վահէ Կոտելեանը, Սարգիս Աշճեանը եւ ուրիշներ: Ահա այս միջավայրին համար է, որ Շահանդուխտ կ՛ըսէ. «Իմ ժուռնալիզմի դպրոցը եղաւ «Այգ»-ը, իսկ համալսարանը՝ «Լը Սուար» օրաթերթը»: Մեր մշակոյթի պատմութիւնը լաւ է, որ հարստացաւ ու բարեխառնուեցաւ  Շահանդուխտի այս համեստ, սակայն դիպուկ ու անկեղծ վկայութիւններով, առանց որոնց՝ Լիւսի եւ Սիրան Զարիֆեաններու կերպարները շատ անկատար ու միակողմանի պիտի մնային Վահէ-Վահեանի՝  «Նամականի»-ն կարդացողներու մտքին մէջ: Սիրան եւ Լիւսի Զարիֆեան քոյրերը Վահէ-Վահեանէն աւելի ձեռնհաս յուշագրողի պէտք ունէին:

Շահանդուխտ խոր յուզումով կը յիշէ այն պահը, ուր Լիւսի Թոսպաթ իրեն ցոյց կու տայ իր գրասենեակը, այլեւ՝ գրասեղանը, որուն շուրջ պիտի աշխատի՝ գրենական պիտոյքներու զանազան յարմարութիւններով ու մանաւանդ հեռախօսով մը… որ այն օրերուն աներեւակայելի պերճանք  էր յատկապէս Պուրճ Համուտէն քաղաք գործուղուած նախկին ուսուցչուհիի մը համար, որ հայկական դպրոցէ կ՛արձակուէր «պիւտճէական սեղմում»-ի յաւիտենական յանկերգով: Եւ այդ առաջին յուզումը ժամանակին հետ կը վերածուի խոր երախտագիտութեան՝ հանդէպ իրեն ցուցաբերուած յարգանքին ու գնահատանքին, այլեւ իրեն ներկայացող առիթներուն՝ ճանչնալու մարդիկն ու աշխարհը: Եւ ովքե՜ր ըսես չեն անցած անոր գրասենեակէն  ու տեսադաշտէն, եւ ուրտեղերը չէ ճամբորդած առաքելութեամբ՝ մինչեւ Յորդանան, Հիւսէյն թագաւորին պալատը, Խորէն կաթողիկոսին ընկերակցութեամբ, Հայաստան եւ այլուր: Այս բոլորին երկար ու մանրամասն վերյուշը վերացումի ու արբեցումի խոր պահեր ներշնչած են հեղինակին, որ գիտէ վառ գոյներով ու աշխուժ ոճով մը պատկերել  զանոնք՝ անոնցմով վարակելով  ընթերցողը եւս:

Իր վիպակի աւարտին Շահանդուխտ չի մոռնար ազնիւ տուրք մըն ալ տալու մեր մշակոյթի «խոնարհ հերոսներ»-ուն՝ գրաշարներուն եւ  ցրուիչներուն: Կարօտով, քիչ մըն ալ ափսոսանքով կը յիշէ այն գրաշարները, որոնք շարելի գրութիւնները սրբագրելու չափ հմտութիւն եւ հայերէնի իմացութիւն ունէին: Կը պատկերացնէ՞ք՝ գրաշար մը, որ հեղինակ կը սրբագրէ: Երանի այդ գրաշարներէն մէկական հատ գտնուէր հիմա սփիւռքահայ  իւրաքանչիւր խմբագրատան մէջ եւ սրբագրէր թերթերու  տնօրէններուն եւ խմբագիրներուն, ա՛լ չեմ ըսեր՝  աշխատակիցներուն եւ վեթերան գրագէտներուն հայերէնը կամ հայերէնի նմանող լեզուն:

Ան յատուկ համակրանքով կը վերյիշէ «Այգ»-ի ցրուիչ Չիլինկիրը, որուն նուիրած է լման երեք էջ, ինչ որ հարկաւ չէր կրնար երեւակայել իսկ երբեմնի այդ համեստ որբը, որքան ալ աւելիին արժանի ըլլար ան… այո՜, այդ համակ նուիրում դարձած մարդը,  որ թերթերու հսկայ բեռ մը ուսէն կախ,  օրը գրեթէ 24  ժամ կը վազվզէր Պէյրութի ամբողջ տարածքին, եւ որուն առջեւ բաց էին անխտիր բոլոր սինեմաները, թատրոնները, ճաշարանները, հանրակառքերն ու հանրաշարժները. ան միշտ եւ ամէն տեղ էր: Իսկ մեր գաղութի մօտաւոր անցեալի պատմութիւնը ունեցած է ուրիշ Չիլինկիրներ եւս: Եթէ Շահանդուխտ քիչ աւելի ետ երթար, ապա պիտի յիշէր Պարգեւը եւս… այս ալ՝ ուրիշ նուիրեալ մը, որ գունդ ու կլոր  մարդ մըն էր, ըսենք՝ մարդկային զանգուած մը,  թերթերու շարժական իսկական կրպակ մը, մասնաւորաբար «Ժողովուրդի ձայն» կոչուած թերթին: Ամէն առաւօտ կը յայտնուէր ան Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ, կը կենար իւրաքանչիւր փողոցի մուտքին ու իր զիլ ձայնով եւ ամենայն մանրամասնութեամբ կը զեկուցէր օրուան գրեթէ բոլոր լուրերը՝ թնդացնելով շրջապատը, իսկական լրահոս մը: Ձայնին կը միացնէր ընդհանրապէս ձեռքերուն, բայց նաեւ ոտքերուն շարժումներն ալ: Տունդ հանգիստ նստած՝ կրնայիր բոլոր լուրերը մանրամասնօրէն իմանալ: Չէր ալ մտածեր, թէ այդ բոլորէն ետք մարդիկ ի՞նչ պէտք ունէին իր թերթը գնելու: Եւ ամէն անգամ ալ յատուկ հանդիսաւորութեամբ մը կ՛եզրակացնէր. «Կարմիր բանակը  շուտով պիտի մտնէ Պերլի՜ն…»: Ինք կ՛անցնէր յաջորդ թաղը, իրեն կը յաջորդէինք փողոցի լաճերս եւ զինք կատարելապէս կապկելով կամ… կապկել փորձելով՝ իւրաքանչիւրս կը կրկնէր իր յիշած մասը: Բայց մենք անհանգստանալ սկսած էինք կարմիր կոչուած բանակի Պերլին մուտքի ուշացումով. ա՛լ օր մըն ալ Պարգեւի սովորական յանկերգէն ետք մեզմէ մէկը, անոր տեղն ու կերպարանքը առնելով,   գոռաց. «Կարմիր բանակը մտաւ Պերլի՜ն…»:   Պարգեւ, որ հազիւ 20 մեթր հեռացած էր՝ կանգ առնելու համար յաջորդ թաղին բերանը , ցնցումով մը ետ դարձաւ և արհամարհելով կրած բեռին ծանրութիւնը, գլորելով եկաւ-հասաւ մեզի. «Ուրկէ՞ լսեցիք այդ լուրը», հարցուց տագնապալի լրջութեամբ մը, որուն փոքրիկները ծիծաղով պատասխանեցին ու փախան:

Միւսը Եղիա կը կոչուէր. նախորդին ճիշդ հակապատկերը, բարակ, շատ  բարակ մարդ մը, որ միշտ գինովի տպաւորութիւն կը ձգէր, սակայն չեմ գիտեր, թէ իրապէս կը խմէ՞ր: Դէմքին վրայ ունէր յաւիտենական ժպիտ մը, որ երբեք չէր անհետանար: Գիշերները մուտք կը գործէր մեր թաղերը՝ մասնաւորաբար «Արարատ»-ի հաստ կապոցով մը: Կը մօտենար  ծանօթ պատուհաններուն, մատով կը ծեծէր ապակին, եւ ձեռք մը դուրս կ՛երկարէր ընդունելու համար թերթը:  Իւրաքանչիւր թերթ կ՛արժէր 15 դահեկան: Երբեմն կը լսուէր պզտիկ կշտամբանք մը. «Եղբա՛յր, չէ՞ք կրնար մանրուք տալ». հաւանաբար այսպիսի պահերու էր, որ անոր ժպիտը թերեւս ակնթարթ մը կ՛անհետանար դէմքէն: Չեմ մոռնար. հազիւ 30 մեթր շրջագիծի մը մէջ ան մօտաւորապէս 30 պատուհան կը թափահարէր, որ կը նշանակէ 30  ընթերցող ընտանիք:  Այդ նոյն շրջագիծին մէջ հիմա մէկ հատ ընթերցող չէ մնացած:

Ափսո՜ս մեր հիանալի ցրուիչներուն, ափսո՜ս մեր թերթերուն ու մշակոյթին:

Ա՛լ փակեմ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով հեղինակին իր ընծայած հաճելի ընթերցումին եւ արթնցուցած հաճելի յուշերուն համար: Անմեղադի՛ր եղէք պակասներուս համար եւ փորձեցէ՛ք ինքներդ ալ յուշ մը աւելցնել:

Վարձքդ կատա՛ր, Շահանդուխտ::

 

[email protected]

 

Share this Article
CATEGORIES