Մեսրոպեան վարժարանի Նախկին Սաներու Հաւաք

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան,11 հոկտեմբեր 2013-ին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի նախկին սաներու հաւաք՝ ներկայութեամբ շուրջ 150 մեսրոպեանականներու:

Հանդիպումին ընթացքին Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ ներկայացուց Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակի ծրագիրը` ձեռնարկներուն եւ աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները: Ան հաստատեց, որ վարժարանը 75 տարիներու ընթացքին հայեցի ու հոգեւոր դաստիարակութեամբ պատրաստած է սերունդներ, որոնք հասած են բարձր դիրքերու եւ նուիրուած են հասարակութեան ծառայութեան:

Մեսրոպեանի տնօրէնը նշեց, որ նախկին սաները Մեսրոպեանի ընտանիքի անբաժանելի անդամներն են, որոնց նեցուկը մեծապէս կը նպաստէ դպրոցի գոյատեւման եւ զարգացման: Հաւաքին ընթացքին Կ. Գալուստ ներկայացուց դպրոցի վերջին տարիներու աշխատանքները, նուաճումները եւ առկայ դժուարութիւնները: Ան ըսաւ, որ դպրոցը կ՛ուղղուի դէպի հարիւրամեակ` հաստատ հիմերով եւ փայլուն տեսլականներով:

Ապա քննութեան առարկայ դարձաւ Մեսրոպեան վարժարանի նախկին սաներու իրավիճակը: Նախկին սաները մեծապէս գնահատեցին վարժարանի մնայուն զարգացման եւ արդիականացման ենթարկուող բեղուն եւ բազմաճիւղ գործունէութիւնը:

Աւարտին, ներկաները  Կրէկուար Գալուստին եւ անձնակազմին ընկերակցութեամբ շրջագայեցան վարժարանին մէջ, ծանօթացան նորութիւններուն եւ փոփոխութիւններուն՝  ապրելով անցեալի գեղեցիկ յիշատակները եւ ականատես դառնալով նոր ձեռքբերումներուն:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )