Մտայնութիւններ Շրջելով. Սեռերու Միջեւ Խտրականութեան Դէմ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«Տը հանկըր կէյմզ» պիտի յաջողէր ժապաւէններու մէջ կիներու հաւասար ներկայութիւնը չափող քննութեան։

ԱՅՍՈՒՀԵՏԵՒ ՇՈՒԷՏԱՑԻՔ ՊԻՏԻ ՈՐՈՇԵՆ, ԹԷ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ԻՐՋԴՆՑ ԴԻՏԱԾ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐԸ ՈՐՔԱՆՈ՞Վ ԿԸ ՅԱՐԳԵՆ ՍԵՌԵՐՈՒ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆԸ։ ԱՌԱՋԻՆ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, «ՍԹԱՐ ՈՒՈՐԶ» ԵՒ «ՀԵՐԻ ՓՈԹԸՐ» ՁԱԽՈՂԱԾ ԵՆ։ «ԵԱՀՈՒ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԿԻՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ԻՆՔՆԻՆ ՎԻՃԱՅԱՐՈՅՑ ԿՐՆԱՅ ԹՈՒԻԼ ԻՐ ԿՈՂՄՆԱԿԱԼՈՒԹԵԱՄԲ։

Շուէտի մէջ արդէն կը կիրարկուի ժապաւէններու մէջ սեռային տեսարաններու, բրտութեան եւ հայհոյանքի համեմատութիւնները չափելու օրէնք մը։ Սակայն սկանտինաւեան այս երկիրը այժմ ձեռնարկած է ժապաւէններու մէջ սեռային կողմնակալութեան երեւոյթը չափելու նոր ուղղութեան մը։

Շուէտի շարժապատկերի հիմնարկը սահմանած է այսպէս կոչուած «Պեխտել» քննութիւնը, որուն համաձայն, բարձրագոյն նիշ պիտի ստանայ միայն այն ժապաւէնը, որ հետեւեալ երեք հարցումներուն մէջ կը ստանայ դրական պատասխան։

1.- Ժապաւէնին մէջ 2 կամ աւելի թիւով իգական տիպարներ գոյութիւն ունի՞ն։

2.- Այս տիպարները կը խօսի՞ն իրարու հետ։

3.- Այս տիպարները կը խօսի՞ն նիւթի մը մասին, որուն առանցքը տղամարդ մը չէ։

Քննութեան մէջ ձախողած հռչակաւոր ժապաւէններուն շարքին են «Լորտ աֆ տը ռինկզ» եռաբանութիւնը, «Սթար ուրզ»-ի շարքը եւ «Հերի Փոթըր»-ի 8 ժապաւէններէն 7-ը։

«Ոմանց համար այս քննութիւնը իրապէ՛ս անակնկալ մըն էր,- կ՛ըսէ Սթոքհոլմի ամէնէն հին շարժապատկերի սրահներէն Պիօ Ռիոյի տնօրէնը՝ Էլեն Թէյլ։- Ակնդիրներ հազուադէպօրէն կը տեսնեն կին գերհերոս մը, կին դասախօս մը կամ կին մը, որ կը դիմագրաւէ հետաքրքրական մարտահրաւէրներ եւ կը յաղթահարէ զանոնք»։

Սեռերու միջեւ անհաւասարութեան հարցը, ինչպէս նաեւ մարդկային հաւաքականութեան մէջ կիներու պատկերումը լուսարձակի տակ առնելու միտող այս քննութիւնը երբեք կապ չունի ժապաւէնի մը որակին հետ։ «Փոխարէնը՝ մեր նպատակն է աւելի մեծ թիւով կիներու պատմութիւններ եւ պատկերումներ տեսնել շարժապատկերի պաստառին վրայ», կ՛ըսէ Թէյլ։

Քննութիւնը ինքնին սկիզբ առած է ամերիկացի արուեստագէտ Էլիսըն Պեխտելի 1985-ին հրապարակած «Տայքս թու ուոչ աութ ֆոր» շարժուն գծանկարէն, որուն նպատակն էր  արժեւորել կիներու ներկայութիւնը՝ որոշ ժապաւէնի մը մէջ։

Քննութեան ձախողած են նաեւ հետեւեալ ժապաւէնները. «Տը տարք նայթ», «Սլամտակ միլիոներ», «Շրեք», «Փալփ ֆիքշըն», «Տը պոռն այտենթիթի», «Թրանսֆորմըրզ», «Կոսթպասթըրզ», «Փայրէյթց աֆ տը Քարիպիըն», «Ֆայթ քլապ», «Ռէյտըրզ աֆ տը լոսթ արք», «Թրէյնսփոթինկ», «Միշըն իմփասիպըլ», «Կլատիէյթըր», «Էքս. մեն», «Ուէն Հերի մեթ Սելի» եւ «Թոյ սթորի»։

Ցանկը կարելի է շարունակել եւ շատ երկար է…։

Վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ այն համոզումը, թէ կիները բաւարար չափով ներկայ չեն ժապաւէններու մէջ։ Պատկերասփիւռի եւ շարժապատկերի մէջ կիներու ուսումնասիրութեան կեդրոնին համաձայն, 2011-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ արտադրուած գլխաւոր 100 ժապաւէններուն մէջ կիները կը կազմեն ընդհանուր տիպարներուն միայն 33 առ հարիւրը, իսկ անոնց միայն 11 առ հարիւրը ժապաւէնի հերոս է։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )