Մտայնութիւններ Շրջելով. Ինչո՞ւ Ձախլիկները Փայլուն Են

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ԱՆՈՆՔ ՆԱԵՒ ՀԱԿԱՄԷՏ ԵՆ ՏԱՌԱՊԵԼՈՒ ՄՏԱՅԻՆ ԵՒ ՀՈԳԵԿԱՆ ԽԱՆԳԱՐՈՒՄՆԵՐԷ։ ՇԱՏ ԲԱՆ ԳՐՈՒԱԾ Է ԱՆՈՆՑ ՄԱՍԻՆ ԵՒ ՏԱՐԲԵՐ ՄՇԱԿՈՅԹՆԵՐՈՒ ՄԷՋ՝ ՏԱՐԲԵՐ ԱՌԱՍՊԵԼՆԵՐ ՀԻՒՍՈՒԱԾ։ ԱՆՈՆՔ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՆ ԿԱՍԿԱԾՈՎ։ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՄԷՋ ՇԱՐՔ ՄԸ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԲԱՌԵՐ ԿԱԶՄՈՒԱԾ ԵՆ «ՁԱԽ» ԲԱՌՈՎ. ՁԱԽՈՂ, ՁԱԽԱՒԵՐ, ՁԱԽՈՐԴ…։ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳԻՐ ՄԱԹԻՈՒ ՊԵԼ՝ ԻՆՔՆԻՆ ՁԱԽԼԻԿ ՄԸ, ՀԱԿԻՐՃ ՏՈՂԵՐՈՒ ՄԷՋ ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ ՇԱՏ ԲԱՆ ՈՒՆԻՆ ԸՍԵԼԻՔ ԻՐԵՆ ՆՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ։

Այնշթայն ձախլիկ էր

 

 

 

 

 

 

 

 

Հասարակաց ի՞նչ եզր ունին Պարաք Օպամա, Տէյվիտ Քամերոն եւ Ուսամա պըն Լատըն։ Պարզ է, այնպէս չէ՞։ Հապա՞ Ուիլիըմ իշխանը, Մելինտա Մեսենճըրը եւ Պարթ Սիմփսընը։ Գիտական բարձր մակարդակի ուսումնասիրութեան մը համաձայն, անոնք բոլորն ալ օր մը հաւանաբար պիտի տառապին սքիզոֆրենիայէ (հոգեհերձուածութիւն), որովհետեւ ձախլիկ են։

Եէյլ համալսարանէն գիտնականներ տակաւին չեն բացատրած իրենց յայտնաբերումները, եւ կարելի է հարցականի տակ առնել արդիւնքը անոնց ուսումնասիրութեան, որ կատարուած է միայն 107 անձերու վրայ։ Այսուհանդերձ, ասիկա արգելք մը չէր։ Կարգ մը վերնագիրներ անմիջապէս շեփորեցին՝ «աւելի հաւանական է, որ ձախլիկները տառապին հոգեկան խանգարումներէ»։

Գիտութեան մեծագոյն գաղտնիքներէն մէկը, որ տակաւին չէ բացատրուած, ուղեղն է։ Գրեթէ ոչինչ գիտենք աջ կամ ձախ ձեռքի գործածութեան վերաբերեալ։ Ինչո՞ւ շատ աւելի մեծ թիւով տղամարդիկ ձախլիկ են, քան՝ կիներ, եւ ինչո՞ւ ձախլիկները կը կազմեն աշխարհի բնակչութեան միայն 10 առ հարիւրը։

Սակայն, գիտենք, թէ ձախլիկները անհամեմատօրէն աւելի փայլուն են։ Ալպըրթ Այնշթայն, Լէոնարտօ տա Վինչի, Արիստոտել, Յուլիոս Կեսար, Չարլզ Տարուին ձախլիկ էին։ Նոյնպէս՝ Միքելանճելօ եւ Ռուպընզ, Պենճըմին Պրիթըն, Քըրթ Քոպէյն եւ Փոլ ՄքՔարթնի։ Միացեալ Նահանգներու վերջին 7 նախագահներէն 5-ը ձախլիկ էր, իսկ Ափըլ Մաք ընկերութեան մէջ աշխատող 5 ձեւագծողէն 4-ը ձախլիկ է։

Այսուհանդերձ, ձախլիկները դարեր շարունակ զոհը դարձած են կողմնակալութեան։ Կ՛ըսուի, թէ մենք սատանայի ծնունդ ենք, տխեղծ, թերի, ապիկար, անկարող, կասկածելի, սխալ, չարափաստիկ, դժբախտ եւ ապօրինի։ Եւ այս բոլորը կը կարդանք տակաւին միայն անգլերէնի Օքսֆորտ բառարանին մէջ։ Անգլերէն «լեֆթ» բառը կու գայ անկլօ-սաքսոն «լիֆթ» բառէն, որ կը նշանակէ տկար կամ կոտրած։ Լատիներէն «սինիսթըր» (չարագուշակ) բառը արդէն յստակօրէն կը յայտնէ իր տրամադրութիւնը։

Այլ մշակոյթներ աւելի բարեացակամ վերաբերում ցուցաբերած են։ Ինքաները կը հաւատային, թէ ձախլիկները օժտուած էին ոգեղէն ուժերով, իսկ Հիւսիսային Ամերիկայի զունիները կը մտածէին, թէ ձախլիկ ըլլալը բախտաւորութիւն էր։ Պուտտայական կրօնին մէջ «Ձախ ձեռքի ուղին» կ՛առնչուի ոգեղէն ազատութեան փնտռտուքին հետ։

Նիքոլայ Լեսքով մեծ բարիք մը պարգեւեց ձախլիկներուն՝ 19-րդ դարուն գրելով իր «Թուլայէն շիլ ձախլիկին եւ պողպատէ լուին պատմութիւնը»։ Ան կը պատմէ անգրաճանաչ ձախլիկ գեղջուկի մը մասին, որ նոյնիսկ կրնայ վարպետօրէն պայտ մը անցընել լուին՝ գերազանցելով բրիտանացի զինագործները։ Սակայն գրեթէ բոլոր մշակոյթները համաձայն են, որ ձախը հաստատօրէն կասկածելի է։

Կ՛անիծեմ ինքզինքս միայն, երբ նամակ կը գրեմ եւ ափս մելանին վրայէն սահելով՝ կը մրոտէ գրութիւնը։ Ստեղնաշարին յայտնագործումը փրկեց մեզ՝ սատանայի ծնունդներս։ Եւ որո՞ւ պէտք է երախտապարտ ըլլանք մեր փրկութեան համար. նոյնինքն Քրիսթաֆըր Լաթամ Շոլզի. ամերիկացի օրաթերթի այն խմբագիրին, որ յայտնագործած է գրամեքենան։ Այո՛, ճիշդ է, ան ալ ձախլիկ էր։

Share this Article
CATEGORIES