Մտայնութիւններ Շրջելով. Եոկայի Բարդ Պատմութիւնը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՍՄԻԹՍՈՆԻԸՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ԱՍԻԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ «ԵՈԿԱ. ԿԵՐՊԱՐԱՆԱՓՈԽՈՒՄԻ ԱՐՈՒԵՍՏԸ» ՎԵՐՆԱԳԻՐՈՎ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ ԵՈԿԱՅԻ ԱՐԻՒՆԱԼԻ ԱՆՑԵԱԼԸ։ ԱՅՍՕՐ ՈԳԵՂԷՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄՏԱՅԻՆ ՀԱՆԳՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ԵՈԿԱՅԻ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ԿԱՏԱՂԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԵՐՈՒ ՊԱՏՃԱՌ ԷՐ։ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՊԱՏԿԵՐԷ ԵՈԿԱՅԻ ԽՃՃՈՒԱԾ ԲՆՈՅԹԸ։
Արդեօք ինչպէ՞ս կը սիրէք եոկան. տա՞ք, թէ՞ ուժգին։ Թերեւս կը սիրէք մերկ վիճակի մէջ եոկա կիրարկել կամ մեծ գումար մը կը ծախսէք՝ եոկայի նորագոյն հանդերձանքը գնելու համար։ Իսկ որո՞ւ կը հետեւիք, Պ. Ք. Ս. Ենկըրի՞, թէ՞ կը նախընտրէք Վինիասան կամ Աշթանկան։
Ինչ որ ալ ըլլայ ձեր նախընտրութիւնը, եոկան 5 միլիառ տոլար արժողութեամբ ճարտարարուեստ մըն է Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր միլիոնաւոր անձեր կը կիրարկեն զայն՝ ձգտելով ֆիզիքական վայելչութեան, կատարեալ առողջութեան կամ ոգեղէն լուսաւորութեան։ Գրեթէ իւրաքանչիւր մարմնակրթանքի կեդրոն կ՛ընձեռէ եոկայի դասընթացք մը, իսկ եոկայի փորձառութիւնը կարելի է աւելի հաճելի դարձնել՝ խմելով յատուկ թէյեր կամ ունկնդրելով հանդարտեցնող երաժշտութիւն։
Հնդկաստանի պետութիւնը այնքա՛ն մտահոգ է վերջին տարիներուն եոկայի առեւտրականացումով, որ ձեռնարկած է արշաւի մը՝ եոկայի հարիւրաւոր դիրքերու համար սահմանելով վաճառելու իրաւունքի օրէնքներ, որպէսզի կասեցնէ անոնց օգտագործումը արեւմտեան ընկերութիւններու կողմէ։
Սակայն, ցարդ աշխարհի մէջ եոկայի նուիրուած առաջին ցուցահանդէսը ի յայտ կը բերէ այս հնադարեան աւանդութեան յատուկ այնպիսի երեւոյթներ, որոնք հաճելի պիտի չթուին անոր երկրպագուներուն։ Իրականութիւնը այն է, թէ իր գոյութեան 2500 տարիներուն ընթացքին երբեք մէկ տեսակի եոկա գոյութիւն չէ ունեցած։
«Մինչեւ 5 տարի առաջ կը կարծէի, թէ պիտի կարենայի յայտնաբերել եոկայի յատուկ աւանդութիւն մը, որ պէտք էր օր մը գոյութիւն ունեցած ըլլար», կ՛ըսէ Տեպրա Տայմընտ, որ Սմիթսոնիըն թանգարանին Ասիական արուեստի պատկերասրահին մէջ մէկտեղած է «Եոկա. կերպարանափոխութեան արուեստը» վերնագիրով ցուցահանդէսին գործերը։
«Սակայն եոկան տեւաբար կերպարանափոխուած է եւ զարգացած՝ ժամանակի ընթացքին։ Թէեւ անիկա ունի քանի մը հիմնական նպատակներ, սակայն հասարակաց ոչ մէկ երեւոյթ կը կրկնուի եոկայի իւրաքանչիւր ուղիի մէջ»։
«Կարգ մը աւանդութիւններու մէջ եոկան գիտակցական գերազանց մակարդակ մըն է եւ աւարտը՝ տառապանքին. ձեւով մը՝ ծնունդի, մահուան եւ վերածնունդի տառապալից պարբերաշրջանէն դուրս գալու ճանապարհ մը։ Սակայն եոկայի այլ աւանդութիւններ կը հետապնդէին գերբնական ուժերու տիրանալու եւ այլոց վրայ հակակշիռ բանեցնելու կարողութիւն մը զարգացնելու նպատակը։
Ցուցահանդէսը կը մէկտեղէ 130 իրեր՝ բերուած աշխարհի տարածքին 25 թանգարաններէ եւ սեփական հաւաքածոներէ։ Անոնցմէ շատերը առաջին անգամ ըլլալով կը ցուցադրուին հանրութեան, իսկ ոմանք արդէն ծանօթ գլուխ գործոցներ են։ Անոնց մէկտեղումը կը նշէ սկիզբը ուսումնասիրութեան նոր մարզի մը, թէ՝ եոկայի տեսողական մշակոյթը ինչպէ՛ս լոյս կը սփռէ անոր խորախորհուրդ գաղտնիքներուն եւ թաքուն իմաստներուն վրայ։
Ցուցահանդէսին մուտքին սարսափազդու տեսքով եոկա կիրարկողներու աւելի քան 1000 տարուան մէկ գեղանկարը կը դիմաւորէ այցելուները։ Պատկերուած տիպարները թեւածող աստուածներ են, որոնք երկնային աստուածութեան արժանացած են՝ կիրարկելով թանթրա եոկան։ Անոնք նստած են խրոխտ կեցուածքով՝ ցուցադրելով իրենց սրածայր ակռաները եւ մեծ կուրծքերը, իսկ անոնց հերարձակ երեւոյթը կը շեշտէ անոնց վայրի բնոյթը։ Ոմանք իրենց մարմինը զարդարած են օձերով, ուրիշ մը իր մատները դրած է շրթներուն մէջ, պատրաստ՝ ճեղքելու գիշերուան երկինքը եւ փչելու պատերազմի շեփորը։
«Անոնք 11-րդ դարու հզօր կիներն են», կ՛ըսէ Տայմընտ։
Եոկա կիրարկող պատերազմիկի գաղափարը մաս կը կազմէ ամբողջ ցուցահանդէսին բովանդակութեան եւ իր գագաթնակէտին կը հասնի 16-րդ դարու նրբաշխատ ջրանկարի մը մէջ, որ կը պատկերէ Թանեշուարի ճակատամարտը՝ հիւսիսային Հնդկաստանի մէկ սրբավայրին մէջ։
Արիւնահեղութիւնը անսանձ կը շարունակուի, մինչ եոկա կիրարկողներու զինուած խումբեր կը գլխատեն իրենց հակառակորդները՝ փառատօնի մը ընթացքին լոգանքի իրաւունքներու տիրանալու ճակատամարտ մը մղելով։
«Այս ճակատամարտը պարզապէս միջադէպ մըն էր՝ բաղդատած այն բոլորին, որ պիտի պատահէր հետագային», կը բացատրէ հնդկական սրբազան գրութիւններու մասնագէտ եւ ցուցահանդէսին խորհրդատուներէն՝ Ճէյմս Մոլինսըն։
«Եոկա կիրարկողներու աղանդներ այնքա՛ն զօրացած էին 18-րդ դարուն եւ այնքա՛ն բազմացած, որ ահեղ մարտեր կը մղուէին փառատօներու ժամանակ եւ տասնեակ հազարաւոր եոկա կիրարկողներ կը սպաննուէին»։
Գեղանկարը ցարդ ծանօթ ամէնէն կանուխ պատկերումն է եոկա կիրարկող աղանդներու միջեւ ճակատամարտի մը։ Հնդկաստանի Մուղալ կայսրերը զանոնք կ՛օգտագործէին իբրեւ վարձկան զինուորներ, մինչեւ որ բրիտանացիք կազմալուծեցին զանոնք։
Մոլինսըն ի՛նք եոկա կը կիրարկէ։ Ան բազմաթիւ տարիներ ապրած է Հնդկաստանի մէջ, ուր եոկա սորված է։ Եոկայի վարպետներու իր աղանդին մէջ ան միակ արեւմուտքցին է, որ պիտի ձեռնադրուի իբրեւ մահանթ կամ հրամանատար եւ իրաւունքը պիտի ունենայ կազմելու իր սեփական բանակը։
Մոլինսըն հակասութիւն մը չի նկատեր ոգեղէն լուսաւորութեան հասնելու եոկայի խաղաղ նպատակին եւ անոր աւելի վայրագ դրսեւորումներուն միջեւ։
«Այս աղանդին հետեւորդները նոյնիսկ այսօր հակասութիւն մը չեն նկատեր,- կ՛ըսէ ան։- Անոնք համոզուած են, թէ եոկայի տարբեր ձեւերը կը ստեղծեն ներքին ուժ մը, զոր իրենք կրնան օգտագործել տարբեր ձեւերով՝ օրհնութեամբ, անէծքով կամ կռուելով»։
Նկատի ունենալով եոկայի արիւնալի անցեալը, թերեւս կրնայ տարօրինակ թուիլ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ զայն կը կիրարկեն առաւելաբար կիները, որոնք կը ձգտին հանգստացնել իրենց ջիղերը։ Եոկայի այս ուղղութիւնը սկիզբ առած է 19-րդ դարուն, երբ կիներուն յատուկ մարմնակրթանքի ձեւերը սկսած են շեշտը դնել մարմնին մկանները պրկելու վրայ, հեռանալով աւելի տղամարդոց յատուկ ծանրաբարձութեան վարժութիւններէն։
«Տղամարդոց համար մարմնակրթանք՝ կը նշանակէ մարզական խաղեր եւ մրցումներ, ինչ որ կը կարծենք, թէ ճիշդ հակապատկերն է եոկային։ Սակայն այդպէս չէ։ Տղամարդիկ պարզապէս չեն գիտեր, թէ ի՛նչ է եոկան», կ՛ըսէ Ճոն Շումախըր, որ կը գլխաւորէ Ուաշինկթընի Եունիթի Վուտծ եոկայի կեդրոնը եւ եոկայի այն հազուագիւտ ամերիկացի ուսուցիչներէն է, որ նուաճած է Եանկար եոկա սորվեցնելու մակարդակ։
«Գերազանց մարզիկի մը յատկանիշները անհրաժեշտ են՝ եոկայի մէջ կատարելութեան հասնելու համար։ Ֆիզիքական ճկունութիւնը, ուժը եւ կորովը բաւարար չեն։ Անհրաժեշտ է խորհրդածութեան ամբողջ մակարդակ մը, որ կ՛ենթադրէ կեդրոնացում եւ պայծառատեսութիւն», կը բացատրէ Շումախըր։
Ցուցահանդէսը կը պատկերէ եոկայի մասին մեր ըմբռնումներուն փոփոխութիւնը, մինչ անոր կիրարկումը անցած է մշակոյթէ մշակոյթ եւ ցամաքամասէ ցամաքամաս։
«Ասիկա շատ բարդ եւ շփոթի մատնող դիտանկիւն մըն է, որովհետեւ յաճախ ինչ որ մեզի հասած է, արտայայտութիւնն է եւրոպացիներուն ցանկութիւններուն,Հնդկաստանի մէջ անոնց տարաշխարհիկ նկատած երեւոյթներուն եւ եոկա կիրարկողներուն մասին անոնց պատկերացումներուն», կ՛ըսէ Տայմընտ։
Ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէ նաեւ եոկա կիրարկողներու շարք մը լուսանկարներ, որոնք ներկայացուած են իբրեւ «բնիկ միջավայրի պատկերումներ»՝ փարթամ խորապատկերի վրայ եւ հնդկական իրերու կողքին, որոնք հրահրած են արեւմուտքցիներուն երեւակայութիւնը։
«Եոկա կիրարկողները կը նկատուէին իբրեւ չարագուշակ եւ կասկածելի կերպարներ,- կ՛ըսէ Տայմընտ։- Անոնք կը յայտարարէին, թէ տէր են աշխարհիկ կամ գերբնական ուժերու, կիսամերկ կը շրջէին, ինչ որ զայրոյթ կը պատճառէր 19-րդ դարու վարք ու բարքի օրէնքներուն վարժ արեւմուտքցիներուն։ Եոկա կիրարկողները թափառաշրջիկի կեանք կ՛ապրէին, թմրեցուցիչ կը գործածէին, կը նկատուէին մարմնացումը եւ նախատիպարը այն բոլորին, որոնք փտած կը նկատուէին Հնդկաստանի մէջ»։
Սակայն, ինչպէս այս աննախընթաց ցուցահանդէսը մտածել կու տայ, եոկան պահած է իր կերպարանափոխելու ուժը, ոչ միայն զայն կիրարկող անձերուն մարմինը եւ ուղեղը կերպարանափոխելու, այլ՝ նոյնինքն եոկան։ 11-րդ դարուն եոկա կիրարկած կիները պիտի չճանչնային 21-րդ դարու իրենց ժառանգորդները։ Սակայն թերեւս պիտի ճանչնայի՞ն։




