«Քրիզ Մաժէօր» Խորագրեալ Իր Գիրքին «Պիէլ»-ի Մէջ Մակագրումին Զուգահեռ. «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակ-ի Սեմին Թուրքիոյ Հիմնական Մտահոգութիւնը Իր Վարկի Արատաւորման Հարցն Է Յաչս Հանրային Կարծիքին» «Ազդակ»-Ին Ըսաւ Կրեկուար Սուքիասեան

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Մարդկային կեանքի սկզբնական փուլերէն ի վեր աստուածային՝բնական թէ մարդկային սխալներու բերումով  յառաջացած տագնապները, աղէտները անպակաս եղած են՝ սկսելով Աստուածաշունչի ջրհեղեղէն ու անոր առնչուած՝ Նոյեան Տապանէն մինչեւ մերօրեայ պատերազմները, երկրաշարժերը, համաճարակներն ու մրրիկները՝ առանց մոռնալու Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Հայաստանի երկրաշարժը:Աղէտներու վաղորդայնին, փրկողներու թէ փրկուածներու հիմնական մտահոգութիւնը կ՛ըլլայ՝ վերակենդանացման ու գոյատեւումի պայմաններու ստեղծումը՝ զանազան մարզերու մէջ: Գոյատեւումի մարդկային, բնազդային այդ մղումի ճիգերուն յաջողութիւնը, սակայն, կախեալ է տուեալ հաստատութեան մը պատասխանատուներու կամ աղէտահար շրջանի մը կամ հաւաքականութեան մը ղեկավարներու  ատակութենէն եւ ցուցաբերած պատասխանատուութեան յանձնառութենէն: Ընդհանրապէս աղէտներու վաղորդայնին կատարուող վերակենդանացման այդ ճիգերը սկսած են օգտագործուիլ ծրագրուած նոր գործելաձեւով,  յատկապէս՝ արեւմտեան եւ կարգ մը արեւելեան (Ճափոն)  երկիրներու ղեկավարութեանց կողմէ: Այլ խօսքով, աղէտներն ու անոնց նախանշանները կռահող, ճգնաժամի կառավարման յատուկ, վերլուծական  հետախուզական յատուկ պրպտումներ եւ ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին հմուտ մասնագէտներու եւ գիտնականներու կողմէ: Ուրախալի եւ հպարտալի երեւոյթ է, որ նմանօրինակ մասնագէտներու փաղանգին մաս կազմեն նաեւ հայ անձնաւորութիւներ, ինչպէս՝ Կրեկուար Սուքիասեան: 1975-ին Լիբանանի պատերազմին բերումով Սուքիասեան գաղթած է Ֆրանսա, ուր մասնագիտացած է Տեղեկահաւաքի համակարգումին եւ մանրացանցի ճիւղին մէջ (Data processing and microcomputing): Մագիստրոսի անջատ աստիճաններով վկայուած է առեւտրական վարչագիտութեան եւ օրէնսգիտութեան ճիւղերուն մէջ:

Օգտուելով Կրեկուար Սուքիասեանի վերջերս  Պէյրութ կատարած կարճատեւ այցելութենէն՝ «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ:

Ստորեւ՝ հարցազրոյցին հիմնական մասերը։

 

«ԱԶԴԱԿ».-  Կրնա՞ք որոշ գաղափար տալ ձեր աշխատանքին մասին: Ճիշդ ի՞նչ  մարզերու մէջ եւ ինչպիսի՞ քայլերու վրայ կը հիմնէք ձեր աշխատանքը եւ ինչպէ՞ս  կը բացատրէք աղէտահարներու  հակազդեցութիւնը, տպաւորութիւնը, փափաքը:

ԿՐԵԿՈՒԱՐ  ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ.-  Մեր աշխատանքը հիմնուած է անհատներու, հաւաքականութիւներու, ընկերութիւններու  (առեւտրական թէ այլ) գոյատեւումին հետ կապ ունեցող տեսական ու գործնական վարկածներուն վրայ, յատկապէս՝ արհեստագիտական եւ առեւտրական առումով: Սակայն տեսութիւններն ու  անոնց կիրարկումը կը տարբերին իրարմէ: Օրինակ, տեսութեան համաձայն, շէնքի մը կեանքը 12 տարի է, սակայն գործնականի մէջ գիտենք, որ այդպէս չէ: Շէնքերու, հաստատութիւներու, քաղաքներու ենթակառոյցը յաճախ պէտք է վերատեսութեան ենթարկուի, քննուի՝  հոգածութեան, պահպանումի «մենթընընս»-ի համար: Աղէտներու պարագային, ընկերութիւններու մօտ հիմնական  մտահոգութիւն է, օրինակ, մարդկային եւ նիւթական կորուստներու կողքին, բարոյականի, հռչակի, վարկի կորուստը, որ կարմիր գիծ է իրենց համար եւ առանց որուն՝ չեն կրար գոյատեւել: Աղէտներէն ետք խնդրոյ առարկայ փրկարար մարմիններուն, տնօրէներուն, ղեկավարներուն համար առաջին հերթին, հիմնական է «սըրվայվըլ»-ը՝ վերակենդանացումը, վտանգի արժեւորումը  եւ ավտանգութիւնը, ապահովութիւնը՝ գոյատեւելու համար, ուր նաեւ կարեւոր է հաստատութեան հռչակը, վարկը: Այս միջոցառումներու «շըմենը»՝ գործընթացի ուղղութիւնը նոյնն է։ Այս գծով յատուկ ծրագրումներ կը կատարուին, ճգնաժամային կառավարման գծով, կարծէք, մութին մէջ մարդիկը առաջնորդելու, կողմնացոյցի դեր կատարելու նման: Աղէտահար շրջաներու մէջ տագնապի վաղորդայնին գրեթէ ամէն գործունէութիւն կը դադրի: Օրինակ՝ 1996-ին, Թեքսասի Հիուսթըն համալսարանի մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն՝ տագնապներէն, աղէտներէն  ետք (9 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական գործողութիւնը, Քաթրին մրրիկը… ) տուեալ վայրերու հաստատութիւններուն 92 առ հարիւրը դադրած է գործելէ: Նման պարագաներու, աղէտահարներու  առաջնակարգ փափաքներէն է, օրինակ, փրկութեան, վերակենդանացման եւ անվտանգութեան կողքին, նկարը, այն հիմնական յիշատակը, որ զիրենք կը կապէ անցեալին, պատմութեան, իր պատկանելիութեան արմատներուն: Անցեալի յիշողութեան պահպանումը խիստ կարեւոր է հոս:

«Ա.».- Որո՞նք կամ ի՞նչ  ազդակներ կ՛օգնեն ձեզի ձեր այս աշխատանքին մէջ: Ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմակալէք:

Կ. Ս.- Դժուարութիւններ շատ ունեցած եմ սկիզբը, սակայն ժամանակի ընթացքին վարժուեցայ եւ կրցայ յաղթահարել զանոնք: Աշխատակցած եմ զանազան երկիրներու տարբեր ընկերութիւներու հետ, ինչպէս՝ Ֆրանսայի ելեկտրականութեան  ընկերութեան հետ, որ պէտք է մնայուն կերպով գործէ, որպէսզի ելեկտրական հոսանքի հայթայթումը ապահովէ միլիոնաւոր բնակիչներուն համար: Հետեւաբար տեւական հոգածութեան պէտք ունի ստուգելու համար, թէ արդեօք վտանգի սպառնալիքներ կա՞ն: Այսպիսով, կարելի է վերլուծել պարզուող թերացումները եւ որոշել, եթէ անոնք վտանգի լուրջ սպառնալիքներ են: Երբեմն սակայն կարելի է «անտեսել» կամ «ապրիլ», «հաշտուիլ» կարգ մը թերացումերու կամ «վտանգներու» հետ: Օրինակ՝ ես կ՛աշխատիմ բժիշկներու հետ, «ուայ-ֆայ»-ի (WI-FI)  եւ «ճի.Էս. Էմ»-ի (GSM) վրայ եւ գիտեմ, թէ կան վտանգներ, զորս երբեմն կարելի է «անտեսել» ու միշտ կը թելադրեմ հարազատներուս եւ բարեկամներուս, որ յատկապէս քնանալու պահուն հեռու պահեն կամ մարեն իրենց  բջիջային հեռաձայնները…

«Ա.».-  Կ՛ենթադրուի, որ ձեր գործին բերումով գործէք զանազան ժողովուրդներու հետ, օրինակ թուրքերու հետ գործակցա՞ծ էք եւ ի՞նչ է անոնց մօտեցումը:

Կ. Ս.- Այո, գործակցած եմ զանազան երկիրներու տարբեր քաղաքակրթութեանց պատկանող անհատներու եւ ընկերութեանց հետ, ներառեալ՝ թուրքերու հետ, որոնք սակայն առանց  թապու-ի, յստակօրէն կ՛արտայայտուին հայ-թուրք յարաբերութեանց ու յատկապէս՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, սակայն չեն համարձակիր հրապարակաւ բացայայտել իրենց կեցուածքը..:

«Ա.».- Նշեցիք, թէ աղէտները կրնան ըլլալ աստուածային, այսինքն՝ բնական կամ ՝ մարդկային, դիտումնաւոր կամ անուշադրութեան մէկ սխալին պատճառով: Ի՞նչ կը կարծէք Հայաստանի  7 դեկտեմբեր 1988-ի երկրաշարժին գծով:Այս ուղութեամբ որեւէ աշխատանք տարի՞ք:

Կ. Ս.- Բնական է, զօրակցեցայ այդ ցաւալի աղէտի արկածահարներուն՝ յատուկ այդ առիթով կազմուած Ֆրանսայի Զօրակցութեան մարմինին ճամբով: Նիւթական օժանդակութիւնը ամէնէն պարզ ու նուազագոյն զօրակցութիւնն է, հիմնականը մեր հմտութիւններն ու կարելիութիւնները ի սպաս այդ աղէտահարներու ծառայութեան օգտագործելն է:

«Ա.».- Դուք նաեւ մասնագիտացած էք օրէնսգիտութեան մէջ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման «աղէտ» որակեց Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Արամ Ա. վեհափառը պահանջեց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, իրաւական հիմքերու վրայ հետապնդել «Ճանաչումէն  հատուցում» կարգախօսի իրագործումը Հայոց  ցեղասպանութեան գծով, որ թուրքերու կողմէ  դիտումնաւոր կերպով  կանխածրագրուած «մարդկային աղէտ» էր, ի՞նչ կը կարծէք:

Կ. Ս.- Ճիշդ է, համաձայն եմ, արդէն 1915-ի Ցեղասպանութեան նախանշանները, սպառնալիքներն ու վտանգները առկայ էին նախապէս պատահած դէպքերուն մէջ, ինչպէս՝ 1895-ի (Սամաթիոյ . . .) եւ նմանօրինակ ջարդերը: Սակայն կարելի չէր, այդ օրերու պայմաններուն մէջ պատրաստել հաւաքականութիւնները, ամբողջ ժողովուրդ մը, նման վայրագութեանց դէմ: Այո, ջարդերը եղան ու հատուցումը (բարոյական, նիւթական ու հողային հատուցում, «Ա.») կատարելու համար Թուրքիա, նախ պէտք է  ընդունի իր սխալը, ու հոս ինչ որ կը մտահոգէ Թուրքիան՝ իր բարոյական վարկն է յաչս հանրային կարծիքին, քանի որ եթէ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինքնաբերաբար ընդունած պիտի ըլլայ իր բարոյական սխալը, ինչ  որ անընդունելի է Թուրքիոյ համար։

«Ա.».- Մեկնելով տարիներու  ձեր փորձառութենէն՝ ինչպէ՞ս կը խորհիք կատարելագործել ձեր այս հմտութիւնը, կամ ի՞նչ կը ձգտիք ընել: Այս գծով սեմինարի կամ համագումարի մասնակցա՞ծ էք Հայաստանի մէջ, կամ կ՛ուզէ՞ք ընդառաջել:

Կ. Ս.- Հայաստան այցելած եմ, բայց  առիթ չէ եղած սեմինարի կամ նման ժողովներու մասնակցիլ: Եթէ առիթ ստեղծուի, կը փափաքիմ մասնակցիլ, ինչո՞ւ ոչ: Դժբախտաբար, ցարդ  պատահած աղէտները կը շեշտեն մեր ապրած իրավիճակներու (որպէս անհատ, առեւտրական ընկերութիւն թէ մարդկային  հաւաքականութիւն) ընթացքին պարզուող, վտանգի սպառնալիքները նախանշանները կանխատեսելու, վերլուծելու եւ կանխարգիլելու, «անթիսիփէյթ» ընելու, կանխելու անհրաժեշտութիւնը: Վերջին շրջանին, յատկապէս արեւմտեան երկիրներու մէջ (Քանատա, Միացեալ Նահանգներ…) սկսած են այս մասին ուսումնասիրութիւններ եւ պրպտումներ կատարել, նոյնիսկ սեմինարներ եւ համալսարանական դասընթացքներ որդեգրել՝  յետ աղէտի փուլին գոյատեւելու կարելիութեանց եւ միջոցառումներուն մասին: Իմ պարագայիս, շատ կը փափաքիմ, օրինակ, երազս է, համալսարանի մը մէջ դասաւանդել  առեւտրական գոյատեւումի մասին։

«Ա.».-  Այս ձեր առաջի՞ն այցելութիւնն է Լիբանան: Ի՛նչ առիթով եկած էք  եւ ի՞նչ է ձեր տպաւորութիւնը:

Կ. Ս.- Ո՛չ, ես երբեմն կ՛այցելեմ Լիբանան, բայց այս անգամ եկած եմ «Քրիզ մաժէօր» («Համատարած տագնապ») խորագրեալ ֆրանսերէն գիրքիս մակագրութեան համար, ֆրանսախօս երկիրներու գիրքերու ցուցահանդէսի ընթացքին «Պիէլ»-ի մէջ, 1-էն 10 նոյեմբերի տեւողութեան: Տպաւորութիւներս՝ ուրախ եմ, որ լիբանանցիք, մանաւանդ լիբանանահայերս միշտ աշխուժ եւ լաւատես ենք: Երբեմն մարդիկ «մէկ գաւաթ ջուրի մէջ կը կորսուին», շատ գոհ եմ, հպարտ եմ՝ ուրախ եմ  տեսնելով հարազատներս եւ լիբանանցիները, որոնք միշտ ալ կրցած են տագնապներէն ետք վերականգնիլ ու շարունակել ու ասիկա նորութիւն չէ, միշտ այսպէս է «տեժա վիւ», ինչպէս կ՛ըսեն…:

«Ա.».-  Ինչի՞ մասին կը խօսի  ձեր գիրքը, կրնա՞ք ամփոփ գաղափար մը տալ:

Կ. Ս.- Ուզեցի տագնապներէն, աղէտներէն ետք գոյատեւելու եւ շարունակելու միջոցառումներուն եւ կարելիութեանց մասին տարիներու փորձառութենէս անդրադարձած, ամբարած գիտելիքներս, հմտութիւններս փոխանցել հանրութեան, որոշ աշխուժութեան, «ֆիքշըն»-ի ցնցող, սարսռացնող ուժականութեան մթնոլորտի մէջ, փորձելով զայն գրաւիչ ու հետաքրքրական դարձնել ընթերցողներուն: Գիրքը, որ նոր, այսօր լոյս տեսաւ, կը բաղկանայ 200 էջերէ, ֆրանսերէնով է եւ անոր լեզուական խմբագրութեան մէջ հետս գործակցեցաւ լրագրող բարեկամս՝ Ֆրետերիք Փերրենը: Գիրքը կը խօսի սննդեղէնի մեծ ընկերութեան՝ «հոլտինկ»-ի մը ընդհանուր տնօրէնին Ժան-Մարի Պերժերի որդեգրած միջոցառումներուն ու ցուցաբերած կեցուածքին մասին՝ իր ընկերութեան դէմ սպառնացող միաժամանակ մէկէ աւելի վտանգներու յաղթահարման համար: Վտանգները կը նմանին տոմինոյի քարերուն եւ բոլորը միաժամանակ կը գալարուին ու ասոր կ՛ըսենք «Ռոլինկ տիզասթըրզ» (գալարուող աղէտներ): Կը փորձենք սթափեցնել, թէ պատրա՞ստ էք մէկէ աւելի վտանգներու դիմակալելու ու յաղթահարելու: Գիրքին մէջ բաժին մը կայ, ուր նշուած դէպքը պատահած է Լիբանանի մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES