«Պըրրի Եղբայր Է Ու Ընկեր Եւ Անոր Հեղինակութիւնը Ծանօթ Է Բոլորին» Շեշտեց Միքաթի

Միքաթի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները։

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, Միքաթի պատասխանելով իր եւ Պըրրիի միջեւ գոյութիւն ունեցող տեղեկատուական բանավէճին մասին հարցումի մը, յայտնեց, որ եթէ նման բանավէճ կայ, ապա անիկա կրնայ միայն Լիբանանի շահերուն ծառայել։

«Կ՛ուզեմ, որ բոլորը իմանան, թէ Պըրրիի հետ իմ յարաբերութիւններս եղբօր եւ ընկերոջ միջեւ յարաբերութեան համազօր են. Պըրրիի հեղինակութիւնը ծանօթ է բոլորին», ըսաւ ան։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )