Ռիֆաաթ Իտ. «Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքը Համայնքային Սադրանքներ Կը Հրահրէ»

Ռիֆաաթ Ալի Իտ

Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական յարաբերութեանց պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ շաբաթավերջին Ժապալ Մըհսենի մէջ տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը համայնքային սադրանքներ կը հրահրէ։

«Տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետ գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման պատասխանատու է Թրիփոլիի մէջ սադրանքներու հրահրումին։ Մենք անկեղծ պիտի յայտարարենք, որ մեր արիւնը թափողը տեղեկահաւաքի բաժանմունքն է եւ անոր օժանդակող կողմերը, եւ իբրեւ այդպիսին մեզի համար արդարացուած է նաեւ անոնց արեան հեղումը», ըսաւ ան։

Անդրադառնալով Թրիփոլիի մէջ մզկիթներու պայթումին՝ Իտ յիշատակեց Թայսիր Եհիա Ղալիուն անունով կասկածելի մը եւ կոչ ուղղեց պետութեան որոնելու զայն եւ ստուգելու անոր կապը Թրիփոլիի պայթումներուն հետ։

Նշենք, որ Թայսիր Ղալիուն սուրիացի ընդդիմադիր գործիչ մըն է, որ Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կը շրջի։ Ան Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի նախկին նախագահ Պուրհան Ղալիունի հօրեղբօրորդին է, որ Թրիփոլիի մէջ կը գտնուէր մզկիթներու պայթումին օրը։

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ ներքին ապահովութեան ուժերուն տեղեկահաւաքի բաժանմունքը մաս կը կազմէ ներքին գործոց նախարարութեան եւ ներքին գործոց նախարարին ենթակայութեան տակ է։

Հաղորդագրութեան համաձայն, այդ բաժանմունքը ազգային մակարդակի վրայ կը գործէ եւ օր մը օրանց համայնքային թեքում եւ կողմնակալութիւն չէ կատարած։

«Այս կամ այն կողմին արեան հեղումին մասին յայտարարութիւնները հաւատադրժողական եւ ոճրագործ բառամթերք կը նկատուին, եւ օրէնքը հաշուետուութեան կը կանչէ նման յայտարարութիւններ կատարող կողմերը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ։

Շարպելի տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը խստիւ դատապարտեց Իտի յայտարարութիւնները՝ զանոնք նկատելով այնպիսի խօսքեր, որոնք քաղաքացիական անվտանգութիւնը վտանգի կ՛ենթարկեն։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )