Սէուտական Արաբիա Իր Այցելութեան Նախօրեակին. Նախագահ Սլէյման Կը Մերժէ Իր Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը

Ամին Մաալուֆի պարգեւատրումէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ «Բարձրագոյն ասպետ»-ի աստիճանի Մայրիներու շքանշանով պարգեւատրեց լիբանանցի վաստակաւոր գրագէտ Ամին Մաալուֆը։

Նախագահ Սլէյման Մաալուֆի պարգեւատրումին առիթով յայտնեց, որ Լիբանան բարձր կը գնահատէ Մաալուֆի վաստակը եւ ստեղծագործութիւնները, լիբանանեան պետութիւնը պիտի տպէ նաեւ դրոշմաթուղթեր, որոնք կը կրեն Մաալուֆի լուսանկարը։

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ ինք կտրականապէս պիտի մերժէ իր պաշտօնավարութեան երկարաձգումը։

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը համախմբող կառավարութիւն մը կազմելու իր կեցուածքին։

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ինք չի մերժեր, որ զինուորական մը ըլլայ նախագահական ընտրութեան թեկնածուն՝ աւելցնելով, որ զինուորականները չափաւորական կ՛ըլլան։

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը բաց է բոլորին դիմաց՝ աւելցնելով, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը դէպի երկխօսութիւն գլխաւոր անցքը կը նկատուի։

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման այսօր պաշտօնական միօրեայ այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա, ուր  հանդիպում մը պիտի ունենայ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ՝ քննարկելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները, Սուրիոյ տագնապը, ինչպէս նաեւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին ու սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին մասին Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքները։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )