«Սառեցուած» Տագնապներու Լուծման Հոլովոյթին Մէջ Դրական Փոփոխութիւններ Տեղի Կ՛ունենան» Կ՛ըսէ Զաննիեր

Լամպերթօ Զաննիեր

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զաննիեր յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ի պատասխանատուութեան ոլորտին մէջ գտնուող «սառեցուած» տագնապներու լուծման հոլովոյթին մէջ դրական փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան։

Ըստ անոր, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպում կազմակերպելու վերաբերեալ համաձայնութիւնը կարեւոր քայլ է։ «Մենք քննարկումներ կը կատարենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն հետ։ Ներկայիս կ՛աշխատինք այն բանին վրայ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հանդիպումը կայանայ։ Յոյս ունիմ, որ անիկա մինչեւ տարեվերջ կայանայ», ըսած է ան։ Զաննիեր ընդգծած է, որ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը կը կայանայ կողմերը քաղաքական լուծման ուղղութեամբ շարժելուն մէջ։

Share this Article
CATEGORIES