«Ղարաբաղեան Տագնապին Լուծումը Մաքսային Միութեան Կապելը Անթոյլատրելի Է» Ըսաւ Ռիժքով

Նիքոլայ Ռիժքով

Անդրադառնալով Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի այն յայտարարութեան, թէ քանի տակաւին Լեռնային Ղարաբաղի հարցը չէ լուծուած, Հայաստան ո՛չ այս տարի, ո՛չ ալ գալ տարի կրնայ Մաքսային միութեան անդամակցիլ, Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի անդամ, Հայաստանի ազգային հերոս, Հայաստան-Ռուսիա միջխորհրդարանական յանձնախումբի համանախագահ Նիքոլայ Ռիժքով անթոյլատրելի նկատեց ղարաբաղեան խնդիրի լուծումը Մաքսային միութեան անդամակցութեան կապելը։

«Թող Լուքաշենքոն իր գործերով զբաղի, ինչո՞ւ ան կը խառնուի այլ պետութեան գործերուն։ Բոլորն ալ լաւապէս կը գիտակցին, որ Ղարաբաղի հարցը երկար է, ատիկա այսօրուան կամ վաղուան խնդիր չէ, ես չեմ գիտեր, թէ ե՛րբ պիտի լուծուի։ Դուք ինձմէ լաւ գիտէք իրավիճակը։ Ատոր համար, եթէ հարցը այս ձեւով դիտենք, ասիկա կը նշանակէ, որ Հայաստանը պիտի չանդամակցի Մաքսային միութեան, այսքան։ Լուքաշենքոն ընդհանրապէս առողջ մտածող մարդ է, թէ ինչպէ՛ս այս եզրակացութեան հասած է, ես չեմ հասկնար», նշած է ան։

Ռիժքով նաեւ չի կիսեր այն տեսակէտը, թէ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ սահմանի բացակայութիւնը խոչընդոտ պիտի հանդիսանայ Հայաստանի՝ Մաքսային միութեան հետ անդամակցութեան։ «Սահմանի հարցը կարելի չէ լուծել, ստիպուած ենք ապրիլ այնպէս, ինչպէս կ՛ապրինք՝ առանձին։ Ի՞նչ ընենք։ Չենք կրնար ծովը դէպի ձեզ բերել։ Տաճիկներու, թուրքմեններու հետ ալ մենք ընդհանուր սահման չունինք, սակայն իրարու հետ ապրած ենք, կ՛ապրինք», նշեց ան։

Ըստ անոր Հայաստան պիտի անդամակցի Մաքսային միութեան եւ Ռուսիա ու Հայաստան երկուստեք պիտի ունենան պարտաւորութիւններ, ներառեալ՝ Հայաստանը ճանապարհային շրջափակումէն դուրս բերելու հարցին մէջ։

«Մենք կը զգանք, որ հանրապետութեան բնակչութեան մեծ մասը տրամադրուած է, որ համաձայնագիրը ստորագրուի, եւ Հայաստան մուտք գործէ Մաքսային միութիւն, ինչ որ ճիշդ է։ Հայաստան պէտք չէ կորսնցնէ իր ռազմավարական գործընկերը՝ ի դէմս Ռուսիոյ, եւ փոխադարձաբար, Ռուսիան ալ պէտք չէ կորսնցնէ Հայաստանը՝ իբրեւ ռազմավարական գործընկեր, բան մը, որ պատմականօրէն եղած է», նշեց ան։

Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան, ապա Նիքոլայ Ռիժքով ըսաւ, որ ինք ուրախ է, որ Հայաստան այդ ճամբէն ետդարձ կատարեց։ «Արեւմուտքի հարցն ալ մեզի ծանօթ է, ես հետաքրքրուած եմ մասնագէտներու մօտ, որոնք կ՛ըսեն, որ Արեւմուտք կարելի է երթալ, սակայն խնդիրը այն է, որ ինչպէս դուրս գալ, որովհետեւ շատ դժուար է։ Ուքրանիա չի հասկնար, թէ իրեն ի՛նչ կը սպասէ», նշեց ան՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի քաղաքական որոշումէն ետք տակաւին շատ ընելիքներ կան։

Share this Article
CATEGORIES