«Հայկական Պնդումներուն Դէմ Կը Տանինք Մասնաւոր Աշխատանք, Որ Պիտի Ազդէ Օտար Երկիրներու Հանրային Դիւանագիտութեան Վրայ» Կ՛ըսէ Արընչ
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ անցեալ երեքշաբթի օր 2014-ի պիւտճէի ծրագրաւորման ժողովէն ետք պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն անդրադարձած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին «հայկական պնդումներուն» դէմ Թուրքիոյ տեսած պատրաստութիւններուն։
Ան ըսած է, որ «հայկական պնդումներուն դէմ շատ լուրջ աշխատանք կը տարուի ներկայիս։ Այս աշխատանքը աշխարհի բոլոր երկիրներու հանրային դիւանագիտութեան վրայ ազդեցութիւն պիտի գործէ։ Վարչապետարանին մէջ յատուկ մարմին մը այս նիւթով կը զբաղի»։
Խօսելով Հէյպելիի յոյներու դպրեվանքին մասին՝ Արընչ ըսած է. «Յոյներու դպրեվանքը փակուեցաւ Սահմանադրական դատարանին որոշումով։ Սահմանադրական դատարանին որոշումը աստուածաբանութիւն ուսուցանող դասընթացքներուն մասին էր։ Իսկ Լիսէի մասը իրենք յոյները փակեցին՝ ըսելով, որ այս պայմաններուն մէջ ուսուցում չենք կրնար ընել։ Որեւէ օրինական արգելք չկայ, որպէսզի դպրոցը վերաբացուի։ Ասիկա քաղաքական կամքի խնդիր է։ Եթէ պէտք է բացուի, կը բացուի, եթէ պէտք չէ բացուի, եթէ արգելքներ կան, չի բացուիր։ Եթէ կրօնական մարզին մէջ անոնք կրօնաւոր հասցնելու կարիք ունին, ամէն կառավարութեան պարտականութիւնն է ատոր համար կարելիութիւն ստեղծել։ Այս դպրոցը դարձեալ կրնանք բանալ, եթէ Սահմանադրական դատարանի որոշումը անգամ մը եւս քննարկենք եւ այս մասին մտածենք դրական կերպով»։
Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ Կրօնից տեսչութիւնը ջնջելու կամ չջնջելու հարցին՝ Արընչ ըսած է, որ «ես ալ անոնցմէ եմ, որոնք կը մտածեն, որ եթէ երկիրը իսկապէս աշխարհիկ է, ուրեմն Կրօնից տեսչութիւնը պէտք է ջնջուի։ Սակայն ասիկա իմ անձնական կարծիքս է»։ Ան աւելցուց, որ «Կրօնից տեսչութեան գոյութիւնը բոլոր կուսակցութիւններուն կողմէ ընդունուած է առանց առարկութեան եւ անոնցմէ ո՛չ մէկը ցարդ զայն ջնջելու մասին խօսած է։ Կառավարութիւնն ալ ճիշդ կը գտնէ, որ Կրօնից տեսչութիւնը շարունակէ աշխատիլ։ Իմ անձնական կարծիքս այս նիւթին մէջ շատ ալ ի զօրու չէ»։