Տիգրանակերտի Մէջ Վերցուեցաւ «Երանի Թուրք Եմ Ըսողին» Ցուցատախտակը
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Տիգրանակերտի կուսակալութեան որոշումով չորեքշաբթի օր վերցուած է կուսակալութեան առջեւի պողոտային վրայ տեղադրուած այն հսկայ ցուցատախտակը, որուն վրայ գրուած էր «Երանի թուրք եմ ըսողին»։ Օրաթերթը կը նշէ, որ այդ ցուցատախտակը այդտեղ զետեղուած է 12 սեպտեմբերի զինուորական յեղաշրջումէն ետք՝ իբրեւ մնայուն ազդարարագիր ընդդէմ իրենց ազգային ինքնութիւնը փնտռող քիւրտերուն։
Տիգրանակերտի Փաստաբանական կաճառի փաստաբաններէն Մահունի Քարաման 17 հոկտեմբերին դիմած է կուսակալութեան ու պահանջած, որ այդ ցուցատախտակը վերցուի։ Կուսակալութեան դրական որոշումէն ետք, Ցամաքային ճամբաներու վարչութեան աշխատաւորները շուրջ երկու ժամուան աշխատանք տարած են, որպէսզի կտրեն ցուցատախտակի երկաթեայ ոտքերը եւ վար առնեն զայն։
«Մարմարա» կը գրէ, որ այս ձեւով, ինչպէս որ դպրոցներուն մէջ ջնջուեցաւ «Թուրք եմ, աշխատասէր եմ» երդումը, այդպէս ալ հրապարակներու վրայէն մէկ առ մէկ կը վերցուին «Երանի թուրք եմ ըսողին» կարգախօսները, որոնք ցեղապաշտական ու ազգայնամոլական դրսեւորումներ են։
Նմանօրինակ ցուցատախտակ մը վերջերս վերցուած էր նաեւ Սղերդէն։