ՀՅԴ Խմբակցութիւնը Հանդէս Պիտի Գայ Միջնորդութեամբ Վարդան Պետրոսեանի Օգտին

Երէկ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան տարակուսանք յայտնեց դերասան Վարդան Պետրոսեանի հապճեպ կալանաւորման առիթով։

«Տեղի ունեցած է ողբերգութիւն։ Ինքնաշարժի արկածի պատճառով մահացածներու ընտանիքներուն համար անասելի ծանր է կորուստներու հետ համակերպիլը։ Կը ցաւակցիմ այդ ընտանիքներուն, խորապէս կը ցաւիմ այդ երիտասարդներուն համար։

«Սակայն պէտք է հասկնանք, որ Վարդան Պետրոսեանը այն անձը չէ, որ պիտի խուսափէր քննութենէն, կամ պիտի փորձէր խոչընդոտել հետաքննութեան ընթացքը։ Աւելի՛ն, ան նաեւ այն յանցագործը չէ, որուն շուտով պէտք է մեկուսացնել հասարակութենէն։

«Կ՛ընթանայ քննութիւն եւ եթէ պարզուի, որ Վարդան Պետրոսեան մեղաւոր է, յստակ է, օրէնքի սահմաններուն մէջ պիտի կրէ իր պատիժը, բայց նման վերաբերմունք սիրուած դերասանին նկատմամբ անհասկնալի է։ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը վաղը (այսօր) հանդէս պիտի գայ նախաձեռնութեամբ, պիտի միջնորդենք, որ փոխուի Վարդան Պետրոսեանի խափանման միջոցը եւ քննութիւնը ընթանայ նոյն այդ ինքնաշարժի արկածին իբրեւ արդիւնք յառաջացած առողջական խնդիրներու բուժման զուգահեռ», ընդգծեց Աղուան Վարդանեան։

Յայտնենք, որ վերջերս տեղի ունեցած ինքնաշարժի ահաւոր արկածին հարցով շաբաթ օր որոշուեցաւ կալանաւորել հայրենի յայտնի դերասան Վարդան Պետրոսեանը։ Ան տակաւին չէ ապաքինած արկածին պատճառով ստացած վնասուածքէն։

 

Share this Article
CATEGORIES